Միքայէլ Լաուտրուփ Պաշտօնազրկուեցաւ

laudrupԻր հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան մէջ «Փրեմիեր լիկ»-ի կազմերէն Սուինտըն յայտնեց, որ ակումբի մարզիչ Միքայէլ Լաուտրուփ պաշտօնանկ եղաւ:

Այդ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Դժուար որոշում մըն էր, որ տուինք, բայց ստիպուած էինք այդ քայլին դիմել` ակումբին եւ անոր համակիրներուն շահերէն մեկնելով»:

Լաուտրուփի փոխարէն ժամանակաւոր կերպով մարզիչի պաշտօնը պիտի ստանձնեն Հերի Մոնք եւ Էլըն Քըրթիս:

Նշենք, որ ներկայ դրութեամբ Սուինտըն 24 կէտով կը գրաւէ 12-րդ դիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES