Նատալ` Սպանիոյ Լաւագոյն Մարզիկը
Թենիսի միջազգային դասաւորման մէջ առաջին դիրքին վրայ գտնուող Ռաֆայէլ Նատալ, սպանական «Մունտօ Տեփորթիւօ» պարբերաթերթին կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ Սպանիոյ 2013 տարուան լաւագոյն մարզիկը:
Պարգեւատրման պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթասկիզբին` Պարսելոնայի մէջ:
Սպանական պարբերաթերթին պաշտօնական կայքին համաձայն, լաւագոյն մարզիկուհին ճանչցուեցաւ լողորդ Միրայա Պիլմոնթէ, որ Դանիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ախոյեանութեան լողարշաւի մրցումներուն տիրացաւ չորս ոսկի մետալի:
CATEGORIES Մարզական

