«Փաքիստան Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Հարցին Մէջ Կը Սատարէ Ազրպէյճանին Եւ Չի Ճանչնար Հայաստանը» Ըսած Է Հէյսար

Հէյսար եւ Ալիեւ
Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ վերջերս Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Ազրպէյճանի մէջ Փաքիստանի դեսպան Խալիտ Ուսման Հէյսարի միջեւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուած են չլուծուած տագնապներուն վերաբերող հարցեր:
Փաքիստանի դեսպանը Ազրպէյճանի մէջ ըլլալուն առիթով իր հիացմունքը արտայայտելով` յայտարարած է, որ Ազրպէյճանը, Թուրքիան ու Փաքիստանը տարբեր պետութիւններ են, սակայն անոնց ժողովուրդները միասնական են:
Ապա դեսպանը նշած է, որ Փաքիստանը ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցին մէջ կը սատարէ Ազրպէյճանին ու չի ճանչնար Հայաստանը` իբրեւ պետութիւն:
«Մենք միակ պետութիւնն ենք, որ չենք ճանչնար Հայաստանը: Միեւնոյն ժամանակ մենք կ՛ողջունենք քաշմիրեան հարցին նկատմամբ Ազրպէյճանի դիրքորոշումը», յայտարարած է դեսպանը:

