Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Երեւանի Մէջ Դիմաւորուեցան Դաշնակցական Երիտասարդութեան Բողոքի Ցոյցով
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւններու անդամները երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-էն հաւաքուեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն այցելութեան առնչութեամբ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնելու զինադադարի խախտման դէպքերուն վերաբերեալ համանախագահներու չէզոք դիրքորոշումին դէմ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը, Ճէյմս Ուորլիքը եւ Ժաք Ֆորը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մօտ դիմաւորուեցան «Ո՛չ կեղծաւոր քաղաքականութեան», «Ո՛չ երկակի չափանիշներուն» վանկարկումներով:
Ցոյցին մասնակիցները իրենց հետ բերած էին համանախագահներուն մայրենի լեզուներով (անգլերէն, ռուսերէն եւ ֆրանսերէն) թարգմանուած «Ո՛չ անարդար քաղաքականութեան, որ կը սատարէ Ազրպէյճանի նախայարձակումին» գրութեամբ պաստառներ:
Մինչեւ համանախագահներուն ժամանելը` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան յայտարարեց, որ ղարաբաղեան տագնապի կողմերը հաւասարապէս մեղադրելու համանախագահներու դիրքորոշումը կը նպաստէ ոչ թէ խաղաղութեան հոլովոյթին, այլ Ազրպէյճանի ռազմատենչ յայտարարութիւններուն:
«Եկած ենք ըսելու, որ հաւասարութեան նշան չդնեն սահմանագիծին վրայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի գործողութիւններուն միջեւ», ըսաւ ան:
Նշենք, որ 2014 թուականի սկիզբէն Ազրպէյճանի սանձազերծած սահմանային միջադէպերուն պատճառով հայկական կողմը արդէն երկու զոհեր տուած է:
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնն ու ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը նախապէս նաեւ կոչ ուղղած էին քաղաքական տարբեր կուսակցութիւններու երիտասարդական միութիւններուն` անկախ քաղաքական դիրքորոշումներէն եւ մօտեցումներէն, միանալու իրենց բողոքի ցոյցին եւ միասնական դիրքորոշում արտայայտելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու կեցուածքին վերաբերեալ: Սակայն երէկ որեւէ այլ կուսակցութեան ներկայացուցիչ անոնց չմիացաւ:
Երէկ տեղի ունեցաւ համանախագահներուն հանդիպումը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Մէկ օր առաջ միջնորդները Պաքուի մէջ հանդիպումներ ունեցած էին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ պաշտպանութեան նախարարին հետ:
Նախարար Նալբանդեանի հետ հանդիպումէն ետք, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը նկատել կու տայ, որ հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ նկատուող լարուածութեան աճը կը խոչընդոտէ բանակցային հոլովոյթը:
«Պաքուի մէջ մենք շարունակեցինք այն խօսակցութիւնը, որ սկսած էր Վիեննայի մէջ եւ կը վերաբերի այժմ սեղանին վրայ դրուած փաստաթուղթին: Բացի անկէ, մենք քննարկեցինք շփման գիծին վրայ իրադրութեան սրումին հարցը: Մենք հանդիպում ունեցանք Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարին հետ, որ ներկայացուց տեղի ունեցածին վերաբերեալ իր վարկածը: Այստեղ Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցանք Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ, որ ներկայացուց իր վարկածը, եւ երկու վարկածները ամբողջովին չեն համընկնիր: Այսուհանդերձ մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ այս ուղղութեամբ: Մենք հիմք կ՛ընդունինք այն, որ որեւէ կողմէ որեւէ զոհ մեծ կորուստ է եւ կը վնասէ բանակցային հոլովոյթին: Ուստի, յոյս ունինք, որ զինադադարի դրութիւնը շարունակէ պահպանուիլ: Մենք զինադադարի դրութիւնը պահպանելու կոչ ուղղած ենք ազրպէյճանական կողմին, այդ նիւթով խօսած ենք նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին հետ եւ բնականաբար պիտի խօսինք Հայաստանի նախագահին հետ: Բացի անկէ, այսօր մենք կը ծրագրենք քննարկել հարցեր տագնապի լուծման հիմնական սկզբունքներուն վերաբերեալ, առաջարկել այն տարբերակները, զորս Փարիզի մէջ քննարկած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները: Այնտեղ բաւական կառուցողական խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ: Բայց, բնականաբար, ոչ բոլոր հարցերը լուծուած են, տակաւին կը պահպանուին հակասութիւնները, որոնց յաղթահարման ուղղութեամբ մենք կը շարունակենք աշխատիլ», յայտնեց Փոփով:
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահները ե՞րբ պիտի հանդիպին, Փոփով յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է խօսելու այդ մասին, բայց իրենք կը հաւատան, որ բանակցային հոլովոյթը պէտք է բարձր մակարդակով շարունակուի: Ըստ անոր, այդ մասին Վիեննայի մէջ համաձայնութիւն եղած է, եւ որպէսզի երկու նախագահները իրարու հանդիպին, պէտք է առաջարկներու ծրարին մէջ աւելցնել համապատասխան եւ էական լրացում, եւ այս ուղղութեան Մինսքի խմբակը աշխատանք կը կատարէ:
Նալբանդեանի եւ համանախագահներու հանդիպումէն ետք արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորաբար ըսուած է. «Նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատած է ազրպէյճանական կողմի շարունակական սադրանքներուն կանխարգիլման անհրաժեշտութիւնը եւ նշած, որ Հայաստան լիովին կը կիսէ համանախագահներու կարծիքը այն բանի մասին, որ Հայաստանի հետ սահմանին եւ Ղարաբաղի հետ շփման գիծին վրայ տեղի ունեցող միջադէպերը կը խանգարեն բանակցային հոլովոյթը եւ կը նուազեցնեն խաղաղութեան հասնելու կարելիութիւնները»:
Երէկ աւելի ուշ համանախագահները եւ Քասփրչիք հանդիպում ունեցան նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին համանախագահները ներկայացուցին Պաքուի մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն տպաւորութիւնները եւ նախագահ Սարգսեանի հետ քննարկեցին ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հոլովոյթի հետագայ քայլերուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սարգսեան եւ համանախագահները անդրադարձան նաեւ Հայաստանի հետ սահմանին եւ Ազրպէյճանի ու Ղարաբաղի շփման գիծին վրայ յաճախակի դարձած զինադադարի խախտման դէպքերուն` նման միջադէպերը մտահոգիչ նկատելով բանակցային հոլովոյթին հետագայ յառաջընթացին համար:

