ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ այս տարեշրջանին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ կաթողիկոսարանի կազմակերպած հայ լեզուի եւ գրականութեան, հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու կրօնական նիւթերու, ինչպէս նաեւ ասմունքի «Խաչիկ Պապիկեան» մրցումներուն վարժարանիս աշակերտները արձանագրած են հետեւեալ պատուաբեր արդիւնքները.

Հայ լեզու եւ գրականութիւն
Միջնակարգ – Շաղիկ Թերզեան` Գ. յիշատակութիւն
Երկրորդական – Անոյշ Թասլաքեան` Ա. յիշատակութիւն

Հայոց պատմութիւն, մշակոյթ ու կրօնք
Միջնակարգ – Արաքս Խօշեան` Բ. մրցանակ
Վարագ Տիւքէնճեան` Գ. յիշատակութիւն
Երկրորդական – Գարին Չեքիճեան` Բ. յիշատակութիւն

Ասմունք
Միջնակարգ – Վարանդ  Տումանեան` Բ. մրցանակ

Կը շնորհաւորենք մեր աշակերտները, անոնց դասատուներն ու ծնողները` մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES