50 Տարի Առաջ (7 Փետրուար 1964)
Վարդանանց Փառատօնը Լիբանանի Մէջ
Սրտազեղ Ընդունելութիւն
Վեհափառին` Նորաշէնի Մէջ
Սրբոց Վարդանանց դիւցազնամարտի ազգային-եկեղեցական փառատօնը արժանավայել շուքով ու յարգանքով տօնակատարուեցաւ լիբանանահայութեան կողմէ:
Չորեքշաբթի, 5 փետրուար 1964, երեկոյեան ժամը 6:00-ին Նորաշէնի Ազգային Նուպարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն:
Տնօրէն Արմէն Տօնոյեան, ամբողջ թաղին լսելի բարձրախօսով, ներկայացուց Վարդանանց խորհուրդը: Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Լ. Օ. Խաչի Նորաշէնի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, մատաղցու ոչխարներ մորթուեցան եւ մատաղի օրհնութիւնը կատարեց լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:
Ժամը 9:00-ին, «Գերմանիկ» ընդարձակ սրահին մէջ, հանդիսականներու հոծ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ ՀԿԵՄ-ի կազմակերպած Վարդանանց շքեղ տօնակատարութիւնը` բարձր հովանաւորութեամբ Իգնատիոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքի եւ նախագահութեամբ Մեսրոպ եպս. Թերզեանի:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Խօսք առին Մեսրոպ Գիրէջեան եւ Մեսրոպ եպս. Թերզեան:
Հինգշաբթի, 6 փետրուար 1964, Սրբոց Վարդանանց փառատօնին առաւօտը դիմաւորուեցաւ տեղատարափ անձրեւներուն յաջորդող պայծառ երկինքով մը:
Ամբողջ լիբանանահայութիւնը, մեծով-պզտիկով, արձակուրդի մէջ էր: Փակ էին բոլոր խանութներն ու աշխատանոցները:
Բոլոր եկեղեցիներու մէջ, հաւատացեալներու խուռներամ ներկայութեամբ տեղի ունեցան հանդիսաւոր պատարագներ եւ հոգեհանգստեան պաշտօններ: Վարդանանց խորհուրդը իմաստաւորող ազգայնաշունչ քարոզներ խօսուեցան:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Արտաւազդ եպիսկոպոս:
Այս տարի բացառիկ հանդիսութեամբ տօնակատարուեցաւ Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը:
Խորէն Ա. կաթողիկոս, ընկերակցութեամբ Թեհրանի հայոց առաջնորդ Արտակ արքեպիսկոպոսի, Յունաստանի հայոց առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոսի, Իրանա-Հնդկաստանի հայոց առաջնորդ Ներսէս ծ. վրդ. Բախտիկեանի եւ գաւազանակիր Պետրոս աբեղայի, մոթոսիքլիստ ոստիկաններու առաջնորդութեամբ եւ բազմաթիւ ինքնաշարժներու թափօրով, հովուապետական իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ` արժանանալով ստուար թիւով հաւատացեալներու սրտազեղ ընդունելութեան:
Նորաշէնի անկիւնադարձին թափօրը կանգ առաւ եւ ընդհանուր ծափերու մէջ վեհը վար իջաւ ինքնաշարժէն ու դիմաւորուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Յակոբ Աշճեանի եւ ազգային երեւելի անձնաւորութեանց կողմէ:
Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական նուագախումբը հնչեցուց Լիբանանի ազգային քայլերգն ու «Յառաջ, Նահատակ»-ը:
Այնուհետեւ խանդավառ ծափերով վեհը անցաւ սկաուտներու, արենուշներու, գայլիկներու, Սրբոց Քառասնից Մանկանց Ազգ. վարժարանի եւ Նուպարեան Ազգ. վարժարանի երկսեռ աշակերտութեան շարքերուն մէջէն եւ հասաւ եկեղեցւոյ անկիւնադարձը, ուր բարի գալուստ մաղթող յաղթական կամարին տակ ծաղիկներով ու ծաղկեփունջերով դիմաւորուեցաւ եւ ոչխար մը զենուեցաւ:
Ապա վեհափառ հայրապետը առաջնորդուեցաւ եկեղեցի` անցնելով լիբանանեան ազգային դրօշակներով, վեհին եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Ֆուատ Շեհապին նկարներով զարդարուած, արմաւենիի ճիւղերուն մէջէն:
Սրբազան արարողութիւնները արդէն սկսած էին եւ Սրբոց Վարդանանց նուիրուած հոգեզմայլ շարականներու երգեցողութիւնները կատարուած` դպրաց դասի կողմէ, ղեկավարութեամբ Եփրեմ Քէնտիրճեանի:
Հանդիսաւոր Ս. պատարագը կը մատուցէր լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս:
Ս. պատարագի քառաձայն երգեցողութիւնները կը կատարուէր «Շողակաթ» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ Սարգիս Համպոյեանի:
Ս. պատարագի սքանչելի արարողութիւնը կը ձայնասփռուէր Պէյրութի ռատիոկայանէն:
«Հայր Մեր»-էն առաջ վեհափառը խօսեցաւ հոգեշունչ քարոզ մը: Նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այն սրտազեղ ընդունելութեան համար, որուն արժանացաւ իր շքախումբով: Ապա, Վարդանանց մասին խօսելով, ի մէջ այլոց ըսաւ. «Ազգեր կան, որոնք կ՛ապրին մեռնելու համար, ազգեր ալ կան, որոնք կը մեռնին ապրելու համար: Հայ ազգը անոնցմէ է, որ կը մեռնի ապրելու համար:
«Ժողովուրդ հայոց, արիացի՛ր Վարդանանց ոգիով եւ զօրացի՛ր Ղեւոնդեանց հաւատքով:
«Եղիր արժանի ժառանգորդը Սրբոց Վարդանանց, որպէսզի կարենաս պահել ցեղային պայծառ նկարագիրդ: Փա՜ռք Սրբոց Վարդանանց: Փառք ու պատիւ Վարդաններ ծնող հայ ժողովուրդին»:
Յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եւ մատաղօրհնութիւն:
Վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ աջահամբոյր: Թաղականութեան ատենապետ Կարօ Կիւլէսէրեան շնորհակալութեան գեղեցիկ ուղերձ մը կարդաց վեհին ուղղուած եւ արեւշատութիւն մաղթեց:
Վեհափառը անգամ մը եւս յայտնեց իր գոհունակութիւնը եւ իր շքախումբով, ճաշի հիւրը եղաւ թաղականութեան գանձապահ Վահէ Գրաճեանի բնակարանին մէջ:
Կէսօրէ ետք, ժամը 3:00-ին, Պետական երաժշտանոցի ծայրէ ծայր լեցուն սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան վարչութեան կազմակերպած շքեղ տօնակատարութիւնը` Վարդանանց առթիւ նախագահութեամբ առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Բանախօսեց Եդուարդ Էլոյեան: Խօսք առաւ նաեւ առաջնորդ սրբազանը:

