Արուեստի Աշխարհէն. Գիրքէ Քանդակներ, Որոնք Պատմութիւններ Կեանքի Կը Կոչեն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ Է ԱՄԷՆԷՆ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՁԵՒՈՎ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԵԼՈՒ ՓՆՏՌՏՈՒՔԻ, ՈՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԵՐԲԵՄՆ ԿԸ ՏՊԱՒՈՐԷ, ԵՐԲԵՄՆ ԿԸ ՎԱՆԷ, ԵՐԲԵՄՆ ԱԼ ԿԸ ՁԱՆՁՐԱՑՆԷ: ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԵՆ ԱՅՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԳԻՐՔԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾԵՆ ՀՈՒՄ ՆԻՒԹԻ` ԱՅԼ ՁԵՒԻ ԱՐՈՒԵՍՏ ՄԸ ԿԻՐԱՐԿԵԼՈՒ, ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ ՄԸ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ԿԱՄ ՏԱՐԲԵՐ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐ ԵՒ ԱՐՀԵՍՏՆԵՐ ՄԷԿՏԵՂԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ: ՍՏՈՐԵՒ` ՆՈՐ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆ ՄԸ laughingsquid.com ԿԱՅՔԷՆ:
Արուեստագէտ Ճոտի Հարվի-Պրաուն դասական պատմութիւնները կը վերածէ քանդակի` օգտագործելով նոյնինքն այն գիրքերը, որոնք կը բովանդակեն զանոնք: Անոր քանդակները մեծ մասամբ հեքիաթներ են եւ` դասական գրականութեան գործեր: Ան հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ իր արուեստը.
«Միշտ ալ սիրած եմ արուեստը, եւ միշտ ալ սիրած եմ ընթերցանութիւնը: Գիրքերը մեզ կը տանին դէպի նոր աշխարհ մը, իսկ արուեստը առիթ կու տայ մեզի տեսնելու զայն: Հետեւաբար ինծի համար հետաքրքրական էր այս երկու միջոցները մէկտեղելու գաղափարը: Պէտք է կեանքի կոչել այն գիրքերը, զորս կը սիրենք կարդալ: Տիպարներ, զորս շատ կը սիրենք, պէտք է դուրս գան գիրքին էջերէն եւ մեզի ցոյց տան իրենց պատմութիւնը: Ինչ որ ընթերցանութեան ընթացքին կը տեսնենք մեր երեւակայութեան մէջ, պէտք է բացուի աշխարհին եւ աշխարհը պէտք է տեսնէ զայն: Գիրքէ քանդակներս պատմութիւնները կեանքի կոչելու իմ ձեւս են»:





