Արուեստի Աշխրահէն. Այժմ Արդէն Կը Փաստուի. Խենթերը Աւելի Լաւ Արուեստագէտներ Են…

Պատրաստե՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

... ԿԱՄ` ՈՐՔԱՆ ՏՀԱՍ ԵՆՔ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾ ՄԸ ԱՐԺԵՒՈՐԵԼՈՒ ՄԷՋ ԵՒ ԿԸ ՏԱՐՈՒԻՆՔ ԶՐՈՅՑՆԵՐՈՎ, ՔԱՆ` ԳԵՂԱԳԻՏԱԿԱՆ ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԵԱՄԲ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՅՆ ՀԱՄՈԶՈՒՄԸ, ԹԷ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻ ՄԸ ԱՐԺԷՔԸ ԱՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆ Է, ԵՒ ԹԷ` ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԸ ԱՐՏԱՌՈՑ ԱՆՁԵՐ ԵՆ:

Lady Gaga

 

 

 

 

 

 

 

Գէթ այս է տրամաբանութիւնը «արտառոցութեան ներգործութիւնը» եզրին, զոր սահմանած է բրիտանացի ուսումնասիրողներու խումբ մը: Եզր մը, որ թերեւս կրնայ բացատրել, թէ ինչո՛ւ կարգ մը արուեստագէտներ բնաւ չեն խօսիր մեր սրտին, իսկ ուրիշներ անսխալական են:

Ուսումնասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է «Եուրոփիըն Ճըռնըլ աֆ Սոշըլ Սայքոլոճի» թերթին մէջ, կը պարունակէ 5 հանգրուաններ, որոնք բոլորն ալ կը փաստեն այն վարկածը, թէ` ակնդիրներ արուեստի գործ մը կը գնահատեն արուեստագէտին մասին իրենց կազմած պատկերացումին համաձայն:

Ուսումնասիրութեան առաջին հանգրուանին մասնակցողներէն պահանջուած է գնահատել Վինսընթ Վան Կոկի «Արեւածաղիկներ»-ը: Մասնակցողներուն կէսը նախ լսած է այն վիճելի պատմութիւնը, թէ արուեստագէտը կտրած է իր ձախ ականջը:

985crazy1

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

«Ինչպէս նախատեսելի էր, արուեստի տուեալ գործը աւելի դրական ձեւով գնահատուած է, երբ Վան Կոկի արտասովոր վարմունքին մասին նշում կատարուած է», կը գրեն ուսումնասիրութեան հեղինակները, որոնք դասախօսներ են Լիմերիքի համալսարանին եւ Սաութհեմթընի համալսարանին մէջ:

Սակայն անոնք նաեւ կ՛աւելցնեն, թէ ուսումնասիրութեան մասնակցողները հաւանաբար տարուած են նաեւ հոլանտացի գեղանկարիչին մասին նախապէս իրենց կազմած կարծիքներով: Ի վերջոյ Վան Կոկ ոեւէ մէկը չէ:

Այս կասկածը վերացնելու նպատակով անոնք ուսումնասիրութեան երկրորդ հանգրուանին ներկայացուցած են Իսլանտայէն Եոն Սթեֆանսըն անունով երեւակայական արուեստագէտ մը: Անգամ մը եւս մասնակցողներուն կէսը լսած է կարճ կենսագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է արուեստագէտին «շատ արտառոց» վարմունքը: Անգամ մը եւս մասնակցողներուն կէսը, որ լսած է այս պատմութիւնը, շատ աւելի բարձր գնահատած է իսլանտացիին գործերը, որոնք գծուած էին յատուկ այս ուսումնասիրութեան համար:

Հետեւաբար, արդեօք արուեստագէտ դառնալու ձգտումը փայփայող անձեր պէ՞տք է վայրկեան առաջ սկսին մտածել արտառոց դառնալու մասին: Ուսումնասիրութեան ամէնէն առեղծուածային պատմութիւններէն մէկը «արտառոց» գեղանկարիչի մը մասին է, որ «ճամբուն եզրէն քարեր կը հաւաքէր եւ գլխուն վրայ կը պտտցնէր» իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: Անոր գործերը արդեօք արժանի՞ էին թանգարանի մը մէջ ցուցադրուելու:

Յայտնապէս` ոչ, բացի, եթէ արուեստագէտը տառապանքով կրած էր քարերը: Պարզապէս տարօրինակ թուիլը բաւարար չէ, ինչպէս ցոյց կու տան ուսումնասիրութեան յայտնաբերումները: Հարազատութիւնը, կամ գէթ` հարազատութեան տպաւորութիւնը եւս հաշուի կ՛առնուի:

Ուսումնասիրութեան վերջին հանգրուաններէն մէկուն ընթացքին մասնակցողները կարդացած են տարբեր նշումներ իրենց արդէն ծանօթ անձի մը` Լէյտի Կակայի մասին: Նշումներէն մէկը կը պարունակէր քննադատական կարծիք մը, որ երգիչին արտաքին տեսքը եւ պատկերը կ՛որակէր «ամէնէն աւելի ծանուցուած, դիտումնաւոր կերպով ձեւագծուած եւ մատուցուած տիպարը ժամանակակից փոփ երաժշտութեան մէջ»: Յայտնապէս այս ամբաստանութիւնը պիտի փոխէր խաղին ընթացքը. մասնակցողներուն այն խումբը, որ կարդացած էր նշումը, նուազ արժեւորած էր Կակայի արուեստը:

Արդեօք արուեստագէտի մը մասին փոխանցուած տեղեկութիւններուն քանա՞կը, թէ՞ տեսակը որոշիչ դեր ունի անոնց դատումներուն մէջ: Ուսումնասիրողները տեսողական փորձարկութիւն մը կատարած են գիտնալու համար պատասխանը:

Մասնակցողներու մէկ խումբին ցոյց տրուած է «Սթեֆանսընի» մէկ լուսանկարը, որուն մէջ ան 20-ական տարիքի սովորական երեւոյթով երիտասարդ մըն է, իսկ այլ խումբի մը ցոյց տրուած է անոր մռայլ մէկ լուսանկարը, որուն մէջ ան կ՛երեւի իբրեւ տարեց, վտիտ, չածիլուած մօրուքով, դէպի մէկ կողմ սանտրուած քիչ մը երկար մազերով մարդ մը:

Նոյն փորձարկութիւնը կատարուած է Կակայի լուսանկարներով: Անոնցմէ մէկը զայն կը պատկերէր իբրեւ սովորական սեւ հագուստով, սովորական շպարով եւ կապուած մազերով կին մը, իսկ միւսը դասական Կական` մարմնին կպած հանդերձանքով, ձեռնոցներով եւ փայլուն դիմակով:

Սակայն այստեղ եւս յաղթած է «արտառոցութեան ներգործութիւնը»: Ինչպէս ուսումնասիրողները «կը նախատեսէին» (կարելի է երեւակայել, թէ այս բառը որքա՛ն սովորական է ուսումնասիրողներու համար) մասնակցողներու այն խումբը, որ տեսած է արտառոց լուսանկարները, աւելի բարձր գնահատած է պատկերուած անձերուն արուեստը, բաղդատած` մասնակցողներու այն խումբին, որ տեսած է արուեստագէտներուն սովորական պատկերները:

Մտային հիւանդութեան եւ ստեղծագործականութեան միջեւ կապը այժմ արդէն մաս կը կազմէ ժողովրդային գիտութեան: Սակայն այս նոր ուսումնասիրութիւնը, որ եզակի է, ինչպէս կ՛ըսեն անոր հեղինակները, հետաքրքրական յայտնաբերում մը կը կատարէ մե՛ր մասին, այսինքն` ոչ արուեստագէտներուս, թէ` մենք պարզապէս կը հակազդենք խթաններու, քան` արուեստի, եւ` հաւանաբար շատ աւելի բնազդաբար, քան` մտածելով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES