Արուեստի Աշխարհէն. Դիրքերու Թաքուն Բաժանում` Լարային Քառեակներու Մէջ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՅԱՋՈՐԴ ԱՆԳԱՄ ՔԱՌԵԱԿԻ ՄԸ ՀԱՄԵՐԳԸ ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ԼՍԵՆՔ: ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՆՈՒՐԲ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՆԿԱՏԵԼՈՎ` ԿԱՐԵԼԻ Է ԳԻՏՆԱԼ, ԹԷ ԱՐԴԵՕՔ ԼԱՐԱՅԻՆ ՔԱՌԵԱԿ ՄԸ ՂԵԿԱՎԱՐ ՈՒՆԻ՞, ԹԷ՞ Ո՛Չ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ՄԷԿ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓՈՐՁԷ ԲԱՑԱՏՐԵԼ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆԴԱՆԻ ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՆՏԵՍԱՆԵԼԻ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ:
Գիտնականներ ի յայտ բերած են ձեւ մը, որուն միջոցով կարելի է պատկերացնել, թէ լարային քառեակի մը մէջ ինչ ձեւով կը կատարուի դիրքերու բաժանումը:
Ռոյըլ աքատըմի աֆ միւզիքէն եւ Պըրմինկհամի համալսարանէն ուսումնասիրողներու համաձայն, եթէ վերլուծենք, թէ համերգի մը ընթացքին երաժիշտներ ինչպէ՛ս կը փոխեն քայլ պահելու ժամանակը, որպէսզի յարմարին իրենց հետ նուագողներուն, ապա կրնանք գիտնալ, թէ ո՛վ է խումբին ղեկավարը:
Ուսումնասիրողներուն համաձայն, կարգ մը քառեակներու մէջ երաժիշտներ կը հետեւին յստակ ղեկավարի մը, որպէսզի յաջողին պահել կատարեալ ներդաշնակութիւն:
Սակայն «ժողովրդավար» քառեակներու մէջ բոլոր երաժիշտները կը հետեւին իրարու եւ կը խաղան հաւասար դերեր:
Ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսած է «Ճըռնըլ աֆ տը Ռոյըլ Սոսայըթի Ինթըրֆէյս» թերթին մէջ: Պըրմինկհամի համալսարանի դասախօս Ալըն Ուինկ կ՛ըսէ. «Կը թուէր, թէ քառեակի մը մէջ ինքնիշխանութիւն կը տիրէր, իսկ այլ քառեակի մը մէջ` ժողովրդավարութիւն»:
Քառեակի մը մէջ նուրբ փոխազդեցութիւններ կրնան կենսունակ երանգ մը տալ երաժշտական կատարումներուն: Սակայն նոյնինքն այս փոխազդեցութիւնները ի յայտ կը բերեն դիրքերու թաքուն կառոյց մը:
Ուսումնասիրողները հրաւիրած են երաժշտական աշխարհին մէջ իրենք զիրենք հաստատած սենեկային 2 նուագախումբեր եւ անոնցմէ խնդրած են նուագել Հայտընի մէկ ստեղծագործութիւնը:
Զանոնք տարինք ձայնագրութեան սենեակ մը եւ անոնց երաժշտական գործիքներուն լարերուն տակ, կամուրջին շատ մօտ, զետեղեցինք փոքր բարձրախօսներ, որոնք պիտի ջոկէին իւրաքանչիւր նուագողի գործիքէն հնչող ձայնը:
Ուսումնասիրողները վերլուծած են ժամանակի հետ քայլ պահելու իւրաքանչիւր երաժիշտի ընթացքը եւ արձանագրած են նուրբ փոփոխութիւնները, որոնք տեղի կ՛ունենային մէկ հարիւրերորդ երկվայրկեանի մէջ:
Ապա անոնք ժամանակի այս տարբերութիւնները վերլուծելով ուսումնասիրած են անոնց ներգործութիւնը` նոյն խումբին մէջ նուագող այլ երաժիշտներու վրայ:
Անոնք ի յայտ բերած են, թէ քառեակներէն մէկուն մէջ 3 երաժիշտներ տեւաբար պարտաւոր էին արագացնել կամ դանդաղեցնել իրենց նուագը` ժամանակի հետ քայլ պահելու համար: Սակայն չորրորդ երաժիշտ մը աներեր կը շարունակէր նուագել` ստիպելով, որ այլ երաժիշտներ յարմարէին իրեն:
«Յայտնապէս առաջին ջութակը կը ղեկավարէր խումբը», կը բացատրէ Ուինկ:
«Ան իր ժամանակը չէր փոխեր իրեն հետ նուագողներուն յարմարելու համար, այլ իրականութեան մէջ անո՛նք կը փոխէին իրենց ժամանակը` յարմարելու համար իրեն:
«Իսկ երկրորդ քառեակին մէջ բոլոր երաժիշտները հաւասարապէս կը փոխէին իրենց ժամանակը, ինչ որ մտածել կու տար, թէ այս քառեակին մէջ դիրքերու դասաւորումը աւելի ժողովրդավարական էր:
«Որեւէ տարբերութիւն չկար առաջին ջութակահարին եւ միւս երաժիշտներուն միջեւ: Անոնք բոլորն ալ հաւասարապէս կը սրբագրէին իրենց ժամանակը` իրարու հետեւելով», կ՛ըսէ Ուինկ:
Ուինկի համաձայն, երաժիշտները զարմացած են, երբ տեղեկացած են, թէ դիրքի նման բաժանումներ գոյութիւն ունին իրենց քառեակներուն մէջ: Այսուհանդերձ, անոնք ենթադրած են, թէ երաժշտական տարբեր կտորներ կրնան շրջել դիրքի բաժանումին պատկերը` տուեալ խումբի մը մէջ:
Այժմ գիտնականներ կ՛ուզեն ի յայտ բերել, թէ արդեօք հանդիսատեսներ կը նկատե՞ն այս տարբերութիւնը, եւ թէ` ո՞ր տեսակի կատարումը կը նախընտրեն:
Անոնք նաեւ կ՛ուզեն գիտնալ, թէ արդեօք դիրքի նման բաժանումներ գոյութիւն ունի՞ն երաժշտական այլ տեսակի խումբերու մէջ:
Ուսումնասիրութեան հեղինակներէն` Ռոյըլ աքատըմի աֆ միւզիքի դասախօս Ատրիան Պրատպըրի կ՛ըսէ. «Բեմին վրայ երաժիշտներուն միջեւ կենդանի փոխանակումները յաճախ կատարումի մը ամէնէն ելեկտրականացնող տարրն են, որուն մասին շատ քիչ բան գիտենք»:
«Կը յուսամ, որ երաժիշտներ կը բաժնեն այն գաղափարը, թէ երաժշտական խումբի մը մէջ դիրքերու բաժանումին պատկերը ի յայտ բերելու նպատակով կիրարկուած այս քննութիւնը օգտակար է մեզի համար իբրեւ երաժիշտ եւ հիանալի է հանդիսատեսին համար իբրեւ ունկնդիր»:
Ինչպէ՛ս Կը Նուագէր Այնշթայն
Այնշթայն կը սիրէր ջութակ նուագել, երբ կնճռոտ հարց մը կը փորձէր լուծել:
Պատկերներով պատմութիւններ հիւսող արուեստագէտ Վլատիմիր Ռատունսքիի «Ան է պիմ աֆ լայթ. է սթորի աֆ Ալպըրթ Այնշթայն» (լոյսի շողի մը վրայ. պատմութիւն մը Ալպըրթ Այնշթայնի մասին) գիրքէն, որ մանուկներուն հաճելի ոճով կը պատմէ հանճարեղ գիտնականին մասին:


