«Հակառակ Երկրին Սառած Վիճակին` Ճարտարարուեստի Միութիւնը Անկոտրում Կամքով Կը Շարունակէ Գործել» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Նաամաթ Աֆրամ

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Նաամաթ Աֆրամ

Նաամաթ Աֆրամ

logoԼիբանանի ճարտարարուեստի մարզին պարզած այսօրուան իրավիճակը, անոր նուաճումները, դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ ընդհանուր առաքելութիւնը լուսարձակի տակ առնելու նպատակով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահ Նաամաթ Աֆրամի հետ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքա՞ն կարեւոր է, որ նման միութեան մը նախագահէ ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչ մը, Ն. Աֆրամ ըսաւ, որ շատ կարեւոր է, որ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահը ըլլայ ճարտարարուեստի մարզի մարդ, ներկայացուցիչ: Ճարտարարուեստի մարզին մէջ ըլլալ` կը նշանակէ հում նիւթ ապահովել, զայն վերածել արտադրութեան մը եւ ապա վաճառել: Այս հոլովոյթը բազմաթիւ մարդոց աշխատանքին, ապահովուած հում նիւթին, արդիւնաբերութեան, նիւթականին, շուկայադրումին եւ վաճառելուն տնօրինումը կ՛ենթադրէ:

Այս բոլորը կը կազմեն ճարտարարուեստը եւ այդ մարզին աշխատանքը: «Նկատի ունենալով, որ ճարտարարուեստի այս հոլովոյթը այսքան ամբողջական է, կրցած է զիս ներգրաւել եւ գոհացնել: Անձամբ այլ արհեստներ կամ ճիւղեր չեմ ընտրած, որովհետեւ անոնց մէջ կրկնութիւն եւ սահմանափակում կը տեսնէի: Ինծի համար ճարտարարուեստը բազմապատկուած արուեստ է եւ ունի տարբեր ուղղուածութիւններ` մարդկային, տնտեսական, թեքնիք եւ այլ: Ինծի համար ճարտարարուեստի մարզին մէջ գեղեցկութիւնը այս բոլորին միջեւ բազմաթիւ ուղղուածութիւններու հաւասարակշռութեան գոյացումն է», ըսաւ ան:

Ն. Աֆրամ յայտնեց, որ ճարտարարուեստի մարզը կ՛ենթադրէ տարբեր տաղանդներու միացում, տարբեր հետաքրքրութիւններ եւ ձիրքեր ունեցող մարդիկ միասնաբար կ՛աշխատին լուծելու համար հարց մը կամ ստեղծելու համար արտադրութիւն մը: Ճարտարարուեստի մարզին մէջ կը միաձուլուին նուրբ մարդկային եւ թեքնիք ծանր աշխատանքները:

«Այս ամբողջը կը կազմեն ճարտարարուեստը, հետեւաբար Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահը պէտք է լայն փորձառութիւն ունենայ, սակայն կարեւորագոյնը` ունենայ յաջողութիւններ եւ այդ յաջողութիւններուն բոլոր յատկանիշները: Յաջողութիւնը հիմնական արժանիքն է նման պաշտօն ստանձնելու», շեշտեց Աֆրամ:

Համաձայնագիրներու ստորագրութիւն Ն. Աֆրամի, ճարտարաուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի եւ կրթութեան նախարար Հասսան Տիապի միջեւ

Համաձայնագիրներու ստորագրութիւն Ն. Աֆրամի, ճարտարաուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի եւ կրթութեան նախարար Հասսան Տիապի միջեւ

Ան նշեց, որ ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէր մը, որ կը գործակցի նոյն մարզին մէջ գտնուող Լիբանանի եւ աշխարհի տարածքին բազմաթիւ այլ ներկայացուցիչներու հետ, ան ուղղակի շփում կ՛ունենայ տարբեր մարզերու եւ հարցերու հետ, հետեւաբար ան յաւելեալ փորձառութիւն կը շահի եւ ուղղակիօրէն կ՛առնչուի այդ մարզերուն ներկայացած առիթներուն, դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Աֆրամ շեշտեց, որ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահին պարտականութիւնն է ճարտարարուեստի իւրաքանչիւր ճիւղի պարագային նշմարել բարելաւում արձանագրելու կարելիութիւնները, ուժային կէտերը, տկար կէտերը, յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները: «Հետեւաբար միութեան նախագահը պէտք է այս բոլոր մարզերուն հետ զգայ եւ անոր համար ալ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նախագահի ընտրութիւնը լուրջ գործ է, որովհետեւ ան պէտք է ատակ ըլլայ եւ լրացնէ այս բոլոր յատկանիշները», ըսաւ ան:

Ն. Աֆրամ յայտնեց, որ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութիւնը, որ շուրջ 13 մարզ կ՛ընդգրկէ, կը հաշուէ աւելի քան 700 ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներ: «Մենք մեծ ընտանիք մըն ենք եւ շնորհիւ միութեան ներդաշնակ, բոլոր համայնքներուն ներկայացուցչութիւնը ապահովող վարչութեան` կը գործենք եւ կարելի եղածին չափ միատարր աշխատանքով կը ներկայանանք: Բաւական դժուար է համադրել այդ վարչութեան մէջ համայնքային ներկայացուցչութիւնը, ճարտարարուեստի տարբեր մարզերը, քաղաքական ուղղուածութիւնը, շրջաններուն արդար ներկայացուցչութեան ապահովումը եւ ապա միատարր աշխատանք դուրս բերել այդ վարչութենէն», յայտնեց ան:

Լիբանանի դիմագրաւած այս պայմաններուն լոյսին տակ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան աշխատանքը շատ կարեւոր է այն իմաստով, որ ան է երկրին շարունակականութիւնը ապահովող բանալի տարրերէն մէկը:

«Դժբախտաբար երկրին կացութիւնը այսօր հասած է այն հանգրուանին, որ պետական մարզը ամբողջովին անդամալուծուած է: Եւ երբ այս հանգրուանը կ՛ըսեմ, ես կը հասկնամ անցնող չորս տարիները: Մենք կ՛ապրինք այնպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր որոշումներ տալու հոլովոյթ գոյութիւն չունի, երկիրը սուր երկփեղկումի մէջ է եւ այդ բաժանումը այնպէս մը եղած է, որ երկրին չ՛արտօներ սառցահալ կատարել: Երբ երկրին բաժանումը յիսուն յիսուն է եւ մնայուն կերպով համախոհութիւն գոյացնելու արգելք կայ, ապա անիկա պիտի ազդէ երկրին արդիւնաբերութեան վրայ եւ կասեցնէ անոր թափը: Այս իրականութենէն մեկնելով` մեր դերակատարութիւնը պիտի ըլլայ իւրայատուկ: Մենք պէտք է ըլլանք ճարտարարուեստի միութեան մարզի սեփականատէրերու աշխատանքները համադրողը, իսկ ամէնէն կարեւոր դերակատարութիւնը, որ ունէինք, պետական մարզին մօտ ճարտարարուեստի միութեան լոպիինկն էր, որ այս հանգրուանին անիմաստ է: Դժբախտաբար պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութիւնը արդիւնաբեր չէ, այլ` ժամանց: Հետեւաբար մենք տարիներէ ի վեր կեդրոնացած ենք ճարտարարուեստի միութեան մարզի սեփականատէրերուն աշխատանքը համադրելու առաքելութեան վրայ, իսկ լոպիինկի աշխատանքը կը կատարենք հանրութեան մօտ», շեշտեց Ն. Աֆրամ:

Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան պաշտօնական կայքը www.ali.org.lb

Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան պաշտօնական կայքը www.ali.org.lb

Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ պետութեան կողմէ որոշումներու չգոյութեան հանգրուանը ինք շատոնց նշմարած է եւ ըստ այնմ կենսուժը վերակեդրոնացուցած է եւ միութեան առաջնահերթութիւնները ճշդած ու ներքին աշխատանքը զօրացուցած:

«Սա կը նշանակէ, թէ մենք կը ջանանք մեր ներքին կարողականութիւնները հզօրացնել եւ ճարտարարուեստի մարզերու միութեան հեզասահ աշխատանք ապահովել, օրական դրութեամբ կ՛օժանդակենք ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն որոշումներ տալու եւ այսպիսով երկրին տնտեսութիւնը հաւասարակշռուած պահելու: Այսպիսով Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութիւնը նաեւ տնտեսութեան հսկող իմաստուն հեղինակութիւնն է», հաստատեց ան:

Ն. Աֆրամ ընդգծեց, որ իբրեւ այդպիսին, իրենց դերակատարութեան մէջ կ՛իյնայ նաեւ երկփեղկուած քաղաքական կողմերուն միջեւ յարաբերութիւնները կամրջել եւ ընդգծել երկրին առաջնահերթութիւնները:

Ան աւելցուց նաեւ, որ միութեան պարտականութիւնն է Լիբանանի մէջ աշխատանքի առիթներ ստեղծել եւ այդ նպատակով ալ հարկ է աշխատանքի միջավայր մը ստեղծել:

Ն. Աֆրամ անդրադարձաւ նաեւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան ընկերային ուխտին, որուն մեկնարկը երկու ամիս առաջ կատարուած էր: Այդ ուխտը ուղղուած էր լիբանանցի սպառողներուն եւ անոնց կը թելադրէր լիբանանեան արտադրութիւնները քաջալերել եւ միութիւնը այդ յանձնառութիւնը պիտի փոխադարձէր օտար աշխատաւորներ աշխատանքի չառնելու խոստումով:

Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան եւ ճարտարարուեստի նախարարութեան միջեւ յարաբերութիւններուն մասին խօսելով` Ն. Աֆրամ յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնները շատ հեզասահ են, յատկապէս անոր համար, որ ինք նախարար Վրէժ Սապունճեանի հետ մտերմութիւն ունի եւ նախորդ երկու տարիներուն ընթացքին իրենց միջեւ յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը բացառիկ արդիւնքներ ապահոված են:

«Դժբախտաբար, սակայն, կան որոշ հարցեր, որոնց շուրջ համագործակցութիւնը անելի մատնուած է պետութեան որոշումներէն կախեալ ըլլալու պատճառով: Ես եւ նախարար Սապունճեան փորձեցինք ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն աշխատանքը դժուարացնող բազմաթիւ լուրջ հարցեր լուծել: Իսկ այդ հարցերուն վերջինը եւ ամէնէն աւելի լուծման կարօտ հարցը Ճարտարարուեստի միութեան հետազօտութեան կեդրոնին եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան միջեւ հարցն է: Մենք փորձեցինք այս հարցը լուծել: Նախարարը մեծ աշխատանք տարաւ այդ հարցին լուծման համար, իսկ ներկայիս լուծման հոլովոյթը հասունցած է եւ գրեթէ հասած` իր վերջին հանգրուանին: «Ազդակ»-ին միջոցով ես կոչ կ՛ուղղեմ նախարարին, որ նախքան իր պաշտօնավարութեան աւարտը` վերջնականացնէ այդ հարցին լուծումը, որ պիտի նուիրուի նոր նախարարին եւ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նոր նախագահին: Այդ լուծումը հաստատուն ենթահող մը պիտի ըլլայ յաջորդող տասնեակ տարիներուն ընթացքին ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերուն աշխատանքին: Եթէ այս լուծումը վերջնականանայ, անիկա պիտի ըլլայ Վրէժ Սապունճեանին փոխանցումը բոլոր ճարտարարուեստի տէրերուն կողմէ արդիւնաբեր եւ հեզասահ աշխատանքի ապահովումին», ընդգծեց Ն. Աֆրամ:

Ան շեշտեց, որ երբ կառավարութեան աշխատանքը սառած է, ապա նախարարութիւնները պէտք է բազմապատկեն իրենց աշխատանքները եւ ըլլան ստեղծագործ, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել երկրին հարցերը եւ նուազեցնել պետութեան անդամալուծութեան չափանիշը:

Ն. Աֆրամ նշեց, որ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան մէջ հայ անդամները կը կազմեն տասը առ հարիւրը, ինչ որ շատ կարեւոր համեմատութիւն է: «Հայերը իրենց իւրայատուկ դերակատարութիւնը ունին միութեան մէջ, նկատի ունենալով, որ անոնք միասնական են, որ ուսանելի է: Անոնք ծանօթ են նաեւ իրենց իմաստուն կեցուածքներով, անոնց հաւաքական մտածողութիւնը իմաստուն է: Կարելի չէ տեսնել հայ գործարար մը, որ անխոհեմ եւ ոչ հաւասարակշռուած քայլի դիմէ: Իսկ ամէնէն աւելի անոնց մէջ կարեւոր է իրենց անկեղծութիւնը, որ ինքնին դրոշմ մըն է եւ անոնց նկատմամբ վստահութիւն կը ներշնչէ:

Պէտք չէ մոռնալ, որ հայերը Լիբանան բերած են ճարտարարուեստի այնպիսի մարզեր, որոնք Լիբանանի մէջ գոյութիւն իսկ չունէին: Ճարտարարուեստի մարզի հայ սեփականատէրերու աշխատանքը իւրայատուկ է իր ճշգրտութեամբ: Լիբանանի մէջ հայերը հիմը դրած են մետաղագործութեան, ոսկերչութեան եւ քիմիագործութեան», շեշտեց ան:

 Աշխատանքային հանդիպում երիտասարդներու հետ

Աշխատանքային հանդիպում երիտասարդներու հետ

Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութեան նուաճումներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ն. Աֆրամ յայտնեց, որ առաջին նուաճումը միութեան ստեղծումն է` ատակ անձնաւորութիւններով եւ բարձր արժանիքներով օժտուած անձնակազմի մը կառուցումն է:

«Այդ անձնակազմին ընդմէջէն մենք կրցանք ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն ծառայութիւններ տրամադրել: Ամսական դրութեամբ մենք ճարտարարուեստի մարզի ներկայացուցիչներուն ձրի վարժանիստեր կը տրամադրենք Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին մէջ («LAU»): Այդ վարժանիստերուն ընթացքին անոնց օժանդակութիւն կը տրամադրուի` բարելաւելու իրենց հաստատութիւններուն կամ գործարաններուն խոցելի կէտերը», ըսաւ ան:

Ն. Աֆրամ աւելցուց, որ Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու միութիւնը ունեցաւ իր պաշտօնական կայքը, որ բովանդակալից է` միութեան աշխատանքներուն իմաստով, ինչպէս նաեւ յստակ կերպով ծառայութիւններ կը տրամադրէ հետաքրքրուողներուն:

Ան նշեց, որ միութիւնը աշխատանքի նախաձեռնութիւն մը առաջադրած է Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ լիբանանեան արտադրութիւնը դէպի օտար երկիրներ արտածել եւ գործարարներու միջեւ համաձայնագիր ստորագրել եւ փոխադարձ գործակցութեան զարկ տալ: «Միութիւնը առիթը տուած է նաեւ, որ լիբանանեան արտադրութիւններուն համար օտար երկիրներու մէջ շուկաներ գտնուին եւ կարելի ըլլայ դէպի այդ երկիրները օժտել լիբանանեան արտադրութեամբ: Այս ծրագիրին շրջագիծին մէջ լիբանանեան արտադրութիւններու շուկաներ ստեղծուած են Բրիտանիոյ եւ Յունաստանի մէջ», աւելցուց ան:

Ն. Աֆրամ շեշտեց նաեւ, որ միութիւնը Լիբանանի տարածքին չորս տարբեր շրջաններու մէջ ճարտարարուեստի յատուկ համալիրներ պիտի ստեղծէ դիւրացնելու համար ճարտարարուեստի մարզին մէջ ներդրումները:

«Նախքան քաղաքացիական պատերազմը` Ճարտարարուեստի միութիւնը ապահոված է երկրին Համախառն ներքին արտադրութեան (GDP) 25 առ հարիւրը: Ներկայիս մենք հազիւ 10 առ հարիւր կրնանք ապահովել: Մեր նպատակն է այդ համեմատութիւնը բարելաւել` նուազագոյնը զայն բազմապատկելով», եզրափակեց Ն. Աֆրամ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES