Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցին Հոգեւոր Հովիւի Կարիք Ունի

«ԹՐՔԱԳԻՏԱԿԱՆ ՓՈՐԹԱԼ»

kirakosՏիգրանակերտ քաղաքին մէջ գտնուող Ս. Կիրակոս եկեղեցին, որ վերանորոգուելէն ետք վերաբացաւ իր դռները, ներկայիս հոգեւոր հովիւ չունի: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հիմնադրամի հոգաբարձուները դիմած են Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան, որպէսզի անոնք հայկական եկեղեցւոյ համար հոգեւորական ուղարկեն: Սակայն պատրիարքարանէն տեղեկացուցած են, որ ներկայիս բաւարար թիւով հոգեւորականներ չունին, որ հատ մը կարենան գործուղել Տիգրանակերտ: Պատրիարքարանը նշած է, որ կրնայ միայն պարբերաբար հոգեւորականներ ուղարկել, սակայն եկեղեցւոյ մնայուն հոգեւոր հովիւ տրամադրելու հարցը բարդ է:

Յիշեցնենք, որ իր կառոյցի հսկայական ըլլալով յատկանշուող Ս. Կիրակոս եկեղեցին հիմնովին նորոգուած էր: Տեղադրուած էր նաեւ եկեղեցւոյ զանգը, որ ոչնչացուած էր Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES