Ռումանիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Հանդիպումը Ռումանիոյ Մէջ Զուիցերիոյ Դեսպանին Հետ

ANC_RO30 յունուար 2014-ին Ռումանիոյ Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ եւ ռումանահայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի հրաւէրով առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ռումանիոյ մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Ժան Իւպեր Լեպեթի հետ: Հանդիպման նպատակը դեկտեմբեր 17-ի տրուած Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին վճիռն էր` թուրք քաղաքական գործիչ Տողու Փերինչեքին վերաբերեալ, որ Զուիցերիոյ մէջ դատապարտուած էր Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ժխտելու եւ «Ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ է» յայտարարութիւնը ընելու համար:

Հանդիպման ներկայ էին Հայ դատի ներկայացուցիչ Փոլ Յակոբեանը, Ռումանահայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեանը, Ռումանիոյ Ազգային ժողովի երեսփոխան Վարուժան Փամբուքճեանը, Պուքրեշի եւ Պիտեշտ քաղաքներու հոգեւոր հովիւներ Եզրաս քհնյ. Պոկտանը եւ Հեթում քհնյ. Թարվերդեանը: Հանդիպման ժամանակ անգամ մը եւս նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման եւ դատապարտման խնդիրին կարեւորութիւնը: Ռումանիոյ հայ գաղութի ներկայացուցիչները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին Փերինչեքի այն յայտարարութեան դէմ, որ` «1915 թուականին տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն չէ»: Բողոքը ներկայացուեցաւ նամակի ձեւով, որ յանձնուեցաւ Զուիցերիոյ դեսպանին, որ իր մտահոգութիւնը յայտնեց ստեղծուած խնդիրին վերաբերեալ:

 

Share this Article
CATEGORIES