Պոլսոյ Հայկական Վարժարանները Բազմաթիւ Հարցեր Կը Դիմագրաւեն
Թուրքիոյ մէջ այսօր գոյութիւն ունին միայն 16 հայկական դպրոցներ եւ 3000 հայ աշակերտներ: 16 դպրոցներն ալ կը գտնուին Պոլսոյ մէջ, ուր Թուրքիոյ 60 հազար հայութեան մեծամասնութիւնը կը բնակի: Երեսուն տարի առաջ այդ դպրոցներուն աշակերտութեան թիւը ներկայ թիւին կրկնապատիկն էր: Կացութիւնը ամբողջովին տարբեր էր Օսմանեան ժամանակաշրջանի վերջին հանգրուանին, երբ ամբողջ Անատոլուի տարածքին գոյութիւն ունէին շուրջ 2000 հայկական վարժարաններ եւ աւելի քան 170 հազար աշակերտներ:
Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթին մէջ Փոլ Պենճամին Օսթըրլանտ կը գրէ, թէ վերջերս յայտնի դարձած է, որ Թուրքիոյ մէջ նախակրթարանէն երկրորդական կրթութեան փոխանցման յատուկ քննութեան ներկայացած ոչ իսլամ աշակերտները կը պատժուին` չպատասխանելով կրօնական, մշակոյթի եւ բարոյական գիտութեան բաժինի յատուկ հարցումներուն: Իրողութեան մէջ, ոչ իսլամները այդ քննութիւնը չեն կատարեր: Գործուած սխալը հետագային կրթութեան նախարարութեան կողմէ սրբագրուեցաւ, երբ փոքրամասնութեանց դպրոցները գանգատ ներկայացուցին: Սակայն նախքան այդ, հայ աշակերտներու շրջանակին մէջ նկատառելի իրարանցում տիրեց: Այսպիսի հարցերը փոքր հարցեր են, որոնք խորքին մէջ հայկական դպրոցներուն ներկայիս դիմագրաւած աւելի մեծ խնդիրները կ՛արտացոլացնեն:
Թուրքիոյ հայկական դպրոցները նիւթական եւ իրաւական մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն: Այլ հիմնական արգելք մըն է նաեւ այս հարցերը մամուլին մէջ բացայայտ կերպով արծարծելուն պատճառով պատժամիջոցներու ենթարկուելու վախը: Հայ կրթական մշակներու կարծիքով, ոչ իսլամական համայնքներուն ու անոնց հաստատութեանց դէմ խտրականութիւնը տակաւին արմատացած կը մնայ պետական համակարգին մէջ: «Զաման» այցելած է երկու դպրոցներ եւ զրուցած շարք մը ուսուցիչներու ու տնօրէններու հետ, որոնց մեծամասնութիւնը խնդրած են իրենց անունները չհրապարակել: Անոնք բացատրած են, որ կը վախնան առանց պաշտօնական արտօնութեան մամուլի հետ կապի մէջ մտած ըլլալու համար կրթութեան նախարարութեան կողմէ հետաքննուելէն:
Միջնակարգ դպրոցի մը տնօրէնը բացատրած է, որ հայկական վարժարանները արտառոց կացութեան մէջ են, որովհետեւ ո՛չ անձնական, ո՛չ ալ պետական դպրոց նկատուած են: Հայերուն, յոյներուն եւ հրեաներուն, որոնք Թուրքիոյ երեք «պաշտօնական» փոքրամասնութիւններն են, արտօնուած է իրենց կրօնական եւ կրթական հաստատութիւնները ունենալ, սակայն մեծ սահմանափակումներով: Հայկական վարժարան կրնան յաճախել միայն այն թուրք քաղաքացիները, որոնց ծնողներէն առնուազն մէկը հայ է: Պետութիւնը կը նշանակէ դպրոցին փոխտնօրէնը, ինչպէս նաեւ թրքական պատմութեան, լեզուի, գրականութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչները: Անոնք իրենց ամսականները կը ստանան պետութենէն, մինչ մնացեալ ծախսերը կը մնան ծնողներուն, անհատ նուիրատուներու եւ ֆոնտերու ուսերուն: Դպրոցներէն պահանջուած է աշակերտները ընդունիլ` անկախ այն իրողութենէն, թէ կրթաթոշակը կրնան վճարել, թէ ոչ, ինչ որ մնայուն լարուածութեան եւ ելեւմտական բեռի աղբիւր մըն է:
Թուրքիոյ մէջ այսօր գոյութիւն ունին միայն 16 հայկական դպրոցներ եւ 3000 հայ աշակերտներ: 16 դպրոցներն ալ կը գտնուին Պոլսոյ մէջ, ուր Թուրքիոյ 60 հազար հայութեան մեծամասնութիւնը կը բնակի: Երեսուն տարի առաջ այդ դպրոցներուն աշակերտութեան թիւը ներկայ թիւին կրկնապատիկն էր: Կացութիւնը բոլորովին տարբեր էր Օսմանեան ժամանակաշրջանի վերջին հանգրուանին, երբ ամբողջ Անատոլուի տարածքին կային շուրջ 2000 հայկական վարժարաններ եւ աւելի քան 170 հազար աշակերտներ:
Համաշխարհային Ա. պատերազմէն առաջ Օսմանեան կայսրութեան հայերը գլխաւորաբար կը բնակէին ներկայ Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն մէջ: Ատկէ նուազ քան տասնամեակ մը ետք, այդ թիւը նուազած էր նուազ քան կէս միլիոնի: 1915-ին հարիւր հազարաւոր օսմանցի հայեր արմատախիլ եղան եւ դէպի Սուրիոյ անապատները բռնի քշուեցան:
1923-ին` Թուրքիոյ Հանրապետութեան հաստատումէն ետք, հայերուն թիւը շարունակեց նուազիլ շարք մը քաղաքականութիւններու եւ ոչ իսլամ համայնքները թիրախ դարձնող դէպքերու պատճառով: 1942-ի հարստութեան տուրքի նպատակը Համաշխարհային Բ. պատերազմի Թուրքիոյ մասնակցութիւնը ֆինանսաւորելն էր, սակայն անհամեմատ կերպով գործադրուեցաւ ոչ իսլամներուն վրայ: Կալուածներ գրաւուեցան ու աճուրդով ծախուեցան, իսկ անոնք, որոնք վճարելու անկարող էին, Էրզրում նահանգին մէջ աշխատանքային ճամբար ուղարկուեցան:
Այլ տնօրէն մը յայտնած է, որ իրենք ելեւմտական եւ կրթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն, եւ պետութիւնը երբեք չէ աջակցած իրենց: Հայերը ինքնութեան մեծ հարց մը կը դիմագրաւեն: Անոնց չէ արտօնուած հայոց պատմութեան առնչուող որեւէ բան դասաւանդել: Հայերէնով արտօնուած նիւթերը լեզու եւ գրականութիւն են միայն:
Անոնք չեն կրնար թրքական պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսուցիչները ընտրել: Այս ուսուցիչները կ՛ուղարկուին կրթութեան նախարարութեան կողմէ: Կացութիւնը ներկայիս մասամբ աւելի լաւ է, որովհետեւ հայկական դպրոցներուն մէջ թուրք ազգայնական ուսուցիչներ այլեւս չկան:
Հայ ընտանիքները իրենց զաւակները անձնական եւ այլ օտար դպրոցներ կ՛ուղարկեն: Ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի նման լեզուները հայերէնէն աւելի կարեւոր կը նկատուին: Ներկայիս Պոլսոյ հայ ուսանողներուն նուազ քան 50 առ հարիւրը հայկական վարժարաններ կը յաճախէ:
«Զաման» կը նշէ, որ իրենց այցելած հայկական երկու դպրոցներուն աշակերտները սահուն հայերէն կը խօսին: 11-րդ դասարանի աշակերտ մը նշած է, որ մինչ ինք եւ եղբայրը հայերէն կը խօսին, իր ծնողքը այդ լեզուն երբեք չէ սորված: Բայց եւ այնպէս, աշակերտները իրարու հետ առաջին հերթին թրքերէն կը խօսին եւ իրենք զիրենք այդ լեզուին մէջ հանգիստ կը զգան:

