Յիշողութեան Ճամբորդութիւն
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Մեր սերունդին պատկանողներս, շատոնց ճերմկած մազ ու մօրուքով, սակայն տակաւին «ծերութեան դուռը» ծեծելէ բաւական հեռու, արհեստագիտութեան գլխապտոյտ պատճառող նորութիւններու ականատես եղանք, մանաւանդ` վերջին տասնամեակին ելեկտրոնային նորութիւններուն: Երիտասարդութեան մէջ հետաքրքրութիւն ստեղծելու, միեւնոյն ժամանակ իմ սերունդիս յիշողութիւնը թարմացնելու նպատակով կ՛ուզեմ քանի մը օրինակներով յիշել այդ «յետամնաց», միեւնոյն ժամանակ հաճելի ժամանակաշրջանը:
Նախակրթարանի առաջին դասարանի աշակերտ ենք: Գիրք ու տետրակ պիտի ունենանք: Գրելու համար մատիտ, ռետին եւ ինքնահոս մելանով գրիչ պէտք ունինք: Անցած են այն օրերը, երբ ամէն մէկ բառ գրելու համար պէտք էր գրիչը թաթխէինք մելանին ու ապա ծծումբով չորցնէինք գրութիւնը: Ասոնց տեղ ունինք «արդիական» ինքնահոս գրիչներ, մելանը կը լեցնես գրիչին շտեմարանին մէջ եւ էջեր կրնաս գրել առանց կաղամարին թաթխելու:
Վերամուտի առաջին օրը դպրոց գացի ինքնահոս գրիչով, մելանի շիշով եւ ծծումբներու տրցակով մը: Պայման էր, որ մելանի շիշով մը հետերնիս ունենայինք` որպէս նախազգուշութիւն, ինքնահոս գրիչին մելանը վերջանալու պարագային դարձեալ լեցնելու համար մելանով: Այդ տարիքին դժուար բան էր լաւ գոցել մելանի շիշին կափարիչը, որ յաճախ կը բացուէր` ներկելով պայուսակի մէջ գտնուող գիրք ու տետրակ:
Դասընկերներէս Յակոբը, Սուրբ Յակոբի յաջորդող երկուշաբթի, հպարտօրէն մուտք գործեց դասարան` զինուած «չոր մելան» գրիչով մը: Ո՛չ մելան լեցնելու կարիքը ունէր այլեւս եւ ո՛չ ալ մելանի շիշ պտտցնելու: Գրիչին վերի մասէն կոճակ մը կոխելով` գրիչին ծայրը դուրս կ՛ելլէր, ապա գրելիքը աւարտելէն ետք, դարձեալ նոյն կոճակին կոխելով` գրիչին ծայրը կրիայի գլխու նման ներս կը քաշուէր: Իսկական «հրաշք» մըն էր: Բոլորս Յակոբը կը դիտէինք, որ հպարտ իր նոր «զէնք»-ով` անդադար գրիչին ծայրը դուրս կը հանէր ու ետ կը մտցնէր: Սուրբ Յակոբի անուանակոչութեան տօնի նուէրն էր: Անհամբեր կը սպասէի Պօղոս Պետրոսի տօնին` յուսալով, որ ես ալ նման նուէր մը կրնայի ստանալ:
Երեկոյեան, երբ հայրս գործէն տուն վերադարձաւ, նկարագրեցի տեսած գրիչս: Ծնողքս նման բան ո՛չ լսած, ոչ ալ տեսած էին, այնպէս որ, ունենալու հաւանականութիւնս ջուրը ինկած էր:
Այդ գիշեր երազիս մէջ տեսայ, թէ այդ գրիչէն հատ մը ունեցեր եմ:
***
Հաւանաբար 50-ական թուականներու կէսերուն էր, երբ առեւտրական շէնքերէն քանի մը հատը սկսան վերելակով օժտուիլ: Աւելի ուշ` բնակելի շէնքերէն քանի մը հատն ալ օժտուեցան այդ փոքրիկ պահարանի նման «սքանչելիք»-ով: Բարձր շէնքերու ցից աստիճաններէն բարձրանալու պէտք չունէիր: Այդ պզտիկ «տուփ»-ին մէջ կեցած` կը կոխէիր թիւ 5, 7 կամ 8 կոճակը, եւ քանի մը երկվայրկեանէն արդէն հասած էիր որոշուած յարկը: Մեզ` փոքրերուս համար ինքնաշարժ նստելու չափ հաճելի եւ հետաքրքրական էր վայելել վերելակով ճամբորդութիւնը: Տակաւին մինչեւ օրս չեմ հասկցած, թէ ինչո՞ւ վերելակ անունը տուած են, երբ բարձրացնելու կողքին, նաեւ ունի իջեցնելու յատկութիւնը: Այդ ուրիշ հարց:
Ընկերներէս մէկուն եղբայրը դրամատան մը մէջ նոր գործի ընդունուած էր: Ընդհանրապէս մասնաւոր ուսում չունեցող պաշտօնեաներուն ֆրանսերէնով կու տային փլանթոն անունը, իսկ անգլերէնով` օֆիս պոյ: Այդ բառերուն հայերէնը կա՛մ գոյութիւն չունէր, կամ ալ մենք տեղեակ չէինք եւ պարզապէս կը կոչէինք «գնա եկուր»: «Այս թուղթը այսինչին տար, կամ` այնինչէն այդ թուղթը բեր»: Այս էր իրենց գործը օրն ի բուն: Ընկերոջս հարցուցի, «Եղբայրդ գնա եկո՞ւր պիտի աշխատի»: «Ո՛չ, աւելի բարձր պաշտօն մը», « Ելիր իջիր»: Դրամատան շէնքի վերելակի վարիչն էր: Այդ տարիներուն ամէն վերելակ պայման էր, որ ունենար վարիչ մը: Միայն անոնք իրաւունք ունէին որոշուած յարկին կոճակը կոխելով` «յաճախորդները» փոխադրել որոշուած յարկը, վստահ ըլլալէ ետք թէ վերելակի աքորտէօնի նմանող դուռը փակ է եւ ապահով` շարունակելու ճամբորդութիւնը:
Հինգշաբթի կէսօրէ ետքերը դպրոց չունէինք: Կ’ուղղուէինք մեր ընկերոջ եղբօր աշխատած դրամատունը, որ մեզի կը շնորհէր քանի մը անգամ ելլել ու իջնել` պարգեւելով վերելակով ճամբորդելու հաճոյքը:
***

Մեր ընտանիքին մէջ միշտ առաջնահերթ տեղ գրաւած է երգն ու երաժշտութիւնը: Մանկութեանս օրերէն կը յիշեմ հօրս ջութակը, աքորտէօն մը, եւ անոր կողքին` նշանաւոր «ֆոնոկրաֆ»-ն ու քանի մը ձայնապնակ, որոնց պիտակները բոլորն ալ նոյնն էին: Շան մը նկարը կեցած «ֆոնոկրաֆ»-ին առջեւ (His Master’s voice): Ամէն անգամ, որ երգ մը ունկնդրել ուզէինք, նախ պէտք էր լարել գործիքը, ապա զետեղել ասեղը բռնիչին վրայ եւ ունկնդրել մեր տան մէջ ունեցած սակաւաթիւ ձայնապնակներէն մին, որոնցմէ ո՛չ մէկը հայերէն էր, շատ հաւանաբար` տակաւին հայկական ձայնապնակներ գոյութիւն չունենալուն պատճառով, ապա թէ ոչ, կրնամ վստահեցնել, թէ հայրս անպայման պիտի ուզէր անոնցմէ ունենալ իր ձայնապնակներու հաւաքածոյին մէջ: Երբ երգը սիրէինք ու դարձեալ մտիկ ընել ուզէինք, պտուտակը դարձեալ լարել պէտք էր: Երբեմն կը մոռնայինք եւ երգի կիսուն նախ կը դանդաղէր, ապա ամբողջութեամբ կը կանգնէր: Լարելու պատասխանատուն հայրս էր, գիտէր` որքան պէտք է լարել եւ ամէն անգամ կը զգուշացնէր մեզ. «Եթէ պէտք եղածէն աւելի լարէք, «զէմպէլէկը» կը կոտրի ու ատկէ վերջ այլեւս անգործածելի կը դառնայ «ֆոնոկրաֆ»-ը: Օր մը, երբ ծնողքս տունը չէին, քոյրս եւ ես փորձեցինք երգ մը մտիկ ընել: Հօրս սպասելու համբերութիւնը չունեցանք, եւ ես փորձեցի լարել: «Այդքան ալ դժուար չէ եղեր,- ըսի քրոջս,- կը զարմանամ, թէ հայրիկը ինչո՞ւ չի ձգեր, որ մենք լարենք» ըսելս եւ զօրաւոր ձայն մը խօսքս կէս ձգեց: «Զէմպէլէկը» կոտրած էր եւ «ֆոնոկրաֆ»-ը` անգործածելի դարձած:
Երկար տարիներ սպասեցինք, մինչեւ որ ունեցանք նոր «ֆոնոկրաֆ» մը, որ ելեկտրական էր, եւ լարելու պէտք չունէր:
***
1978-ին արեւելեան Պէյրութ 10 ամիս ելեկտրականութենէ զուրկ մնաց: Ապրելակերպը կէս դար ետդարձ արձանագրեց:
Բարձր շէնքերու վերի յարկերը բնակողները շատ հազուադէպօրէն տունէն կ՛ելլէին եւ ետ տուն վերադարձին հազար կը մտածէին` արդեօք բան մը մոռցա՞ն, հարիւրաւոր աստիճանները չբարձրացած: Վերելակները հանգստեան կոչուած էին: Լուացքի մեքենաները` նոյն ճակատագիրին ենթարկուած: Տանտիկինները սկսան ձեռքով լուալ, ապա քամելէ ետք չորցնելու համար տանիք կը բարձրանային, որպէսզի պարաններու վրայ փռեն լուացքը: Արեւոտ օդին կարելի էր քանի մը ժամ սպասել մինչեւ լուացքին չորնալը, սակայն ձմրան անձրեւոտ օրերուն, երբ արեւը համարձակութիւն չունի ամպերուն ետեւէն իր լոյսն ու տաքութիւնը շնորհելու, երբեմն օրերով կը սպասէին: Չորնալէն ետք արդուկել պէտք էր: Կարելի՞ բան է արդուկ գործածել առանց ելեկտրականութեան: Մայրս խոհեմութիւնը ունեցած էր երկար տարիներ պահելու մեր տան ածուխով արդուկը: Բաւական մեծ ու ծանր, երկաթէ արդուկ մըն էր, որուն «երդիքը» կը բացուէր, մէջը կը լեցնէին որոշ քանակութեամբ ածուխ, եւ երբ վառած ածուխը պատրաստ ըլլար, արդէն արդուկը ինքնաբերաբար տաք էր եւ պատրաստ` արդուկելու: Ձմրան ցուրտ օրերուն տուները տաքցնելու միակ ձեւը ածուխով կրակարանն էր, որ մինչ այդ կը գործածէին միայն խորովածի պատրաստութեան համար: Ելեկտրականութեան տագնապին կողքին, կար նաեւ վառելանիւթի տագնապը: Ինքնաշարժները նոյնպէս անշարժութեան դատապարտուած էին: Քանի մը կաթիլ պենզինը կը պահէին «նեղ օրերու» համար, օրինակ` վիրաւոր մը հիւանդանոց հասցնելու: Եթէ քանի մը հոգի, մօրս նման կրցան գործածել իրենց ածուխէ արդուկը, նոյնը չէր պարագան ինքնաշարժին: Ուրկէ՞ պիտի ճարէին աւանակ մը կամ ձի մը: Շատեր դիմեցին հեծիկներու, ուրիշներ վստահեցան իրենց ոտքերու ուժին:
***
Երբ կեանքի ասպարէզ նետուեցայ, առաջին գործս եղաւ Facit շուէտական հաշուիչ մեքենաներու եւ գրամեքենաներու նորոգութիւնը: Դիւրին գործ չէր: Ամենապարզ հաշուիչ մեքենան կը բաղկանար նուազագոյնը չորսէն հինգ հազար կտորներէ, եւ որեւէ գործողութեան համար այդ կտորները մէկը միւսին «հրելով» է, որ կը կատարուէր գումարումն ու հանումը, բազմապատկութիւնն ու բաժանումը: Պզտիկ բաժանումի մը համար երբեմն քանի մը վայրկեան պէտք էր սպասել մինչեւ արդիւնքի հասնիլը: Տարիներ ետք հնարեցին ելեկտրոնային հաշուիչները, որոնք անձայն էին ու արագ: Նոյն երկվայրկեանին կը ստանայիր արդիւնքը: Ասոնք այնքան աժան էին բաղդատմամբ հիներուն, որ խանգարուելու պարագային նախընտրելի էր թափել եւ նորը գնել:
Այդ գործով զբաղած շրջանիս, քանի մը առիթներով այցելած էի այդ ժամանակուան ամենանշանաւոր դրամատուներէն «Intra bank»: Միակ դրամատունն էր, որ օժտուած էր մէկ հատիկ համակարգիչով, եւ որուն «ուղեղ»-ը կը գրաւէր շէնքին ամբողջ վերջին յարկը: Արդեօք կարելի՞ է բաղդատել ներկայ համակարգիչներուն հետ, որոնց «ուղեղը» ափի մը չափ նոյնիսկ չկայ, եւ ուր կարելի է տասնեակ հազարաւոր տեղեկութիւն պահել:
***
Բժշկական գետնի վրայ, «պաղ առած» հիւանդներուն շատ ընդհանրացած ձեւ էր «շիշէ» քաշելը: Չեմ ալ գիտեր` ինչո՞ւ «շիշէ» կ՛ըսէին: Աւելի գաւաթի կը նմանէր, քան` շիշի: Փոքրիկ գաւաթները հրաշքի համազօր գործ կը տեսնէին: Փոքր թղթիկներ այրելով եւ տակաւին այրած վիճակի մէջ կը դնէին «շիշէ»-ին մէջ եւ զայն կը զետեղէին հիւանդին կռնակին: Շիշին (կամ գաւաթին) մէջի կրակը օդի չգոյութեան պատճառով կը մարէր եւ գաւաթը կը փակէր հիւանդին մարմնին: Քով քովի 6, 7 կամ 8 շիշեր կռնակին վրայ կը պահէին մօտ 10 վայրկեան, եւ ետ հանելու ժամանակ Փեփսի քոլա բանալու նման ձայն մը կը հանէր եւ կռնակին այն մասը, ուր զետեղուած էր «շիշէ»-ն, կարմիր կամ կապոյտ գոյն մը կը ստանար: Մսածութիւնը դուրս ելած էր արդէն: Ձէթով կ՛օծէին կռնակը, եւ թերթ մը գոցելով` վրայէն կը հագցնէին հագուստը: Յաջորդ առաւօտ հիւանդը արդէն կատարելապէս առողջ էր: Հրա՛շք դեղամիջոց: Նոյնն էր պարագան ականջի բորբոքում ունեցող մանուկներուն: Ցաւող ականջին մէջ սիկարեթի մուխ կը փչէին եւ այդ մուխը ականջի մէջ հաւաքուած շոգին կը չէզոքացնէր եւ վայրկենական ցաւը կ՛անհետանար: Տղաս պզտիկուց քանի մը անգամ ականջի բորբոքում ունեցաւ: Օր մը բժիշկին պատմեցի սիկարեթի մուխով բժշկութեան մասին եւ նոյն վայրկեանին զղջացի: Այնպիսի ձեւով մը նայեցաւ, որ կարծես ըսել ուզեց. «Զիս ապուշի տե՞ղ կը դնես»: Բաւականացաւ ըսելով` «Անիմաստ բաներ կ՛ըսես»:
Տակաւին տասնեակներով օրինակներ կարելի է յիշել, սակայն չձանձրացնելու համար ընթերցողը պիտի գոհանամ այս քանի մը օրինակներով:
Եզրափակելով` կ՛ուզեմ ըսել, թէ նոր արհեստագիտութիւնը որքան ալ օգտակար եղած է մարդկութեան, ունեցած է նաեւ իր ժխտական կողմերը: Օրինակի համար` նոր տիպի հեռաձայնները: Ես տարիներով հեռաձայնի տետրակ բնաւ չեմ գործածած: Բարեկամներուս բոլորին թիւերը անգիր գիտէի, սակայն ներկայիս, երբ կրնաս հեռաձայնին մէջ պահել հեռաձայնի թիւն ու անձին անունը, եւ միայն մէկ թիւ կոխելով կրնաս խօսիլ այդ անձին հետ, պատճառ մըն է թիւերը միտքդ չպահելու: Ո՛չ կնոջս բջիջայինին թիւը միտքս պահած եմ, ո՛չ ալ տղուս: Թիւ 2 կամ թիւ 3 կոխելով` վայրկենական կը կապուիս ուզած անձիդ հետ, իսկ չգործածելով` բնականաբար այդ թիւերը դատապարտուած են մոռացութեան: Նոյնն է պարագան հաշուիչ մեքենաներուն: Սովորութիւն դարձած է ամենապարզ հաշիւին համար դիմել հաշուիչին օգնութեան եւ առանց անոր` դժուարութիւն կ՛ունենանք ամենապարզ հաշիւներն անգամ ընելու:
Ասոր կողքին, ինչպէ՞ս կարելի է չհիանալ ե-նամակի գիւտին, երբ աշխարհի որեւէ կողմը գտնուող անձին կրնաս գրել, նկարներ եւ տեղեկութիւններ ղրկել նոյն երկվայրկեանին, կամ համացանցի օգնութեամբ կրնաս ստանալ որեւէ հարցումի պատասխան եւ ընդհանուր զարգացումդ բազմապատկել ամէն օր:
Հակառակ արհեստագիտութեան դրական կամ ժխտական կողմերուն` պիտի ընդունինք ու գործածենք, ապա թէ ոչ կեանքէն անջատուած արարած մը պիտի դառնանք: Շատ ընդարձակ նիւթ է, եւ կարելի է հատորներ գրել այս մասին, սակայն, ինչպէս գրութեանս սկիզբը նշեցի, պարզապէս յիշողութեան ճամբորդութիւն մըն էր, որ կատարեցինք դէպի անցեալ:
Բարի վերադարձ դէպի ներկայ:
Լոս Անճելըս, 2014

