Պարսելոնա Կը Գերազանցէ Ռէալ Մատրիտն Ու Մանչեսթըր Եունայթըտը
«Եուրոմերիքաս Սփորթ Մարքեթինկ» ընկերութիւնը յատուկ ուսումնասիրութիւն մը կատարած է եւ պարզած, որ ակումբներու մարզաշապիկները աւելի մեծ քանակութեամբ կը սպառին, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` մէջբերելով Sport.es կայքին հրապարակած մէկ լուրը:
Այդ ցուցանիշով Եւրոպայի մէջ յառաջատար դիրքի վրայ կը գտնուի Պարսելոնա, որուն կը հետեւին Մանչեսթըր Եունայթըտ եւ Ռէալ Մատրիտ:
Հետաքրքրական է այն, որ Պարսելոնայի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզահագուստի արտադրութեամբ կը զբաղի միեւնոյն ընկերութիւնը` «Նայքի»-ն, մինչ Ռէալ Մատրիտ կը համագործակցի աշխարհահռչակ այլ ընկերութեան մը` «Ատիտաս»-ի հետ:
CATEGORIES Մարզական

