Լեւոն Հայրապետեան Փորձառական Շրջան Մը Կ՛Անցընէ Չեխական Ակումբին Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Լեւոն Հայրապետեան փորձառական շրջան մը կ՛անցընէ չեխական Փրիպրամ ակումբին հետ, որ կը մասնակցի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան, կը յայտնէ ArmSport.am:

Ներկայիս Փրիպրամ, որ ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Թուրքիոյ մէջ, այդտեղ տեղի ունեցած բարեկամական մրցումի մը ընթացքին 3-1 արդիւնքով պարտուեցաւ լեհական այլ խումբէ մը` Փոտպեսքիթցէն:

Թէեւ այս մրցումին Լեւոն Հայրապետեան իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացաւ, սակայն 60-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:

 

Share this Article
CATEGORIES