Հայաստանի 17 Եւ 19 Տարեկան Հաւաքականները Պիտի Կատարեն Բարեկամական Մրցումներ
Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի հաւաքականներու բաժինին հրապարակած մէկ լուրէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Հայաստանի 17 եւ 19 տարեկանէն վար հաւաքականները պիտի կատարեն բարեկամական մրցումներ:
12-16 մայիսին Լեհաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը մարզական հաւաք պիտի կատարէ Երեւանի մէջ: 13 եւ 15 մայիսին Լեհաստանի եւ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականները պիտի կատարեն բարեկամական երկու մրցում:
Իսկ 21-26 յունիսին Երեւանի մէջ մարզական այլ հաւաք մը պիտի կատարէ Պիելոռուսիոյ 17 տարեկանէն վար հաւաքականը: 22 եւ 25 յունիսին Հայաստանի եւ Պիելոռուսիոյ 17 տարեկանէն վար հաւաքականները պիտի կատարեն բարեկամական մրցումներ:
CATEGORIES Մարզական

