Ֆութսալ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք. Պէյրութի Դրամատունն Ու Սատաքան` Քառորդ Աւարտականին Իրարու Մրցակից

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեան Պէյրութի դրամատունը, ինչպէս նաեւ նախորդ տարեշրջանի ախոյեան Սատաքա Լիբանանի ֆութսալի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը, սակայն այդ հանգրուանին անոնք պիտի մրցին իրարու դէմ:

Էմիլ Լահուտի համալիրին մէջ իր կատարած մրցումին, Պէյրութի դրամատունը առանց դժուարութեան 10-2 արդիւնքով յաղթեց Քուրայի:

Իսկ Սատաքա դարձեալ նոյն վայրին մէջ 8-4 արդիւնքով յաղթեց նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Մայատինին:

Նշենք, որ քառորդ աւարտականի մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի օր, նոյն վայրին մէջ, երեկոյեան ժամը 19:00-ին:

Share this Article
CATEGORIES