Հենրի Մորկընթաուի Յուշագրութիւնը Արդէն Հասանելի Է Հայերէնով

0206HenriՀայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը հրատարակած է Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի յուշերը` արեւելահայերէնով: Այս մասին «Արմէնփրէս»ը տեղեկացած է թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի դիմատետրեան արձանագրութենէն: Յուշագրութիւնը 1918-ին լոյս տեսած անգլերէն բնագիրէն թարգմանած է Լիլիթ Թութխալեանը:

Հենրի Մորկընթաու ամերիկացի դիւանագէտ է, որ 1913-16 թուականներուն Միացեալ Նահանգներու դեսպանն էր Թուրքիոյ մէջ: Առաջին Համաշխարհային պատերազմը սկիզբ առնելէ ետք կը ներկայացնէր նաեւ Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ, Իտալիոյ եւ Պելճիքայի շահերը այդ երկրին մէջ: Մերձաւոր Արեւելքի մէջ օգնութեան ամերիկեան կոմիտէի փոխնախագահն էր: Երբ Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսներուն բազմաթիւ զեկուցագիրներէն յայտնի դարձաւ, որ արեւմտահայերու տեղահանութեան իսկական նպատակը զանոնք ամբողջովին բնաջնջելն է, Մորկընթաու հանդիպում ունեցաւ երիտթուրք պարագլուխներ Թալէաթի եւ Էնվերի հետ` ապարդիւն փորձելով կանխել հայերուն արտաքսումն ու կոտորածը: Իր յուշերուն մէջ Մորկընթաու առանձին գլուխներ նուիրած է արեւմտահայերու ողբերգութեան, որ գրուած են Հալէպի ամերիկեան հիւպատոսներու զեկոյցներուն հիման վրայ:

Անոր «Հայկական ջարդերուն առթիւ» (1918), «Հայաստանը կը կանչէ» (1918), «Կ՛ոչնչանա՞յ արդեօք Հայաստանը» (1920), «Հայերուն կոտորածները 1915-ին» (1922) յօդուածները եւ «Հայաստանի ողբերգութիւնը» (1918), «Պոսֆորի գաղտնիքներ 1913-1916» (1918), «Դեսպան Մորկընթաուի յուշերը» (1919) գիրքերը կարեւոր են ու արժէքաւոր վկայութիւններ կը բովանդակեն Արեւմտահայութեան Մեծ եղեռնի մասին: Մորկընթաուի համաձայն, երիտթուրք կառավարութիւնը նախօրօք ծրագրած էր Թուրքիոյ հայութեան բնաջնջումը: Ան մերժած է հայերու տեղահանութեան ռազմական անհրաժեշտութեան թրքական վարկածը եւ փաստերով ապացուցած է, որ երիտթուրք պարագլուխներուն նպատակը հայ ազգը ի սպառ ոչնչացնելն էր: Ան դատապարտած է Եւրոպական տէրութիւններուն անտարբեր դիրքորոշումը հայկական հալածանքներուն հարցին մէջ` դիտել տալով, որ ատիկա խրախուսեց թուրք ջարդարարները:

Share this Article
CATEGORIES