Սուրիոյ Մէջ Դարձեալ Ազրպէյճանցիներ Մահացած Են

azerbaijanisԱզրպէյճանական լրատուամիջոցներ դարձեալ տեղեկութիւններ տարածած են Սուրիոյ մէջ մահացած ազրպէյճանցի զինեալներու մասին: Ըստ տեղեկութեանց, կորուստներ արձանագրուած են ընդդիմութեան եւ կառավարութեան կողմնակիցներու կողքին կռուող ազրպէյճանցիներու շարքերուն մէջ:

ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, վերջին օրերուն ընթացքին Սուրիոյ մէջ մահացած են յաւելեալ ազրպէյճանցի երկու քաղաքացիներ, որոնք անդամ եղած են Ժապհաթ Նուսրա կազմակերպութեան:

Ֆարիզ անունով ազրպէյճանցին, որ ծնունդով Սումկայիթէն է, սպաննուած է կառավարական ուժերու կողմէ: Տարածուած է նաեւ անոր լուսանկարը:

Մէկ այլ ազրպէյճանցիի մը մահուան մասին տեղեկութիւն տարածուած է ժիհատականներու կայքերուն վրայ: Ան դարձեալ ծնունդով Սումկայիթէն «Զիքօ» անունով ազրպէյճանցի մըն է, որ աւելի առաջ սպաննուած է:

Haqqin.az կայքը իր կարգին հրապարակած է ցուցակը ազրպէյճանցիներու, որոնք մահացած են կառավարական զօրքերու շարքերուն մէջ:

Անոնք են` Ճոշկուն Հէյտարով, Ազատ Մուսթաֆայեւ, Ռուսթամ Միրապպասով, Աղարահիմ Քերիմով, Ճաւատաղա Կուրպանով, Կահրաման Հաշիմով, Ֆարիտ Թուրապով եւ Էլմիր Կազըյեւ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES