Նախընտրական Կիրքերը Թուրքիոյ Մէջ. Քրտական Իսլամական Կուսակցութեան Մը Շէնքը Յարձակումի Ենթարկուած Է
Անծանօթներ քոքթել մոլոթով մը նետեցին արգիլեալ քրտական Հըզպալլա կազմակերպութեան քաղաքական թեւը նկատուող ՀՈՒՏԱ կուսակցութեան Տիգրանակերտ նահանգի Եաղճըլար գիւղին մէջ գտնուող կեդրոնին վրայ, ինչ որ նիւթական վնասներ պատճառեց:
Թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ՀՈՒՏԱ-ի Եաղճըլարի մասնաճիւղի ղեկավար Ուիտատ Թիւրկիւթ լրագրողներուն յայտնած է, որ իրենք տեղեկութիւն ստացած են, որ դիմակաւոր երեք անձեր դէպքին առնչուած են:
Թիւրկիւթ ըսած է, որ վերջին հանգրուանին իր կուսակցութեան համակիրներուն եւ կեդրոններուն դէմ յարձակումները մագլցում արձանագրած են` փորձելով յառաջիկայ տեղական ընտրութիւններուն մասնակցող իր կուսակցութեան գործունէութիւնը խանգարել` նշելով, որ որեւէ դէպք պիտի չկարենայ արգելք հանդիսանալ, որ իր կուսակցութիւնը 30 մարտին նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեանց մէջ յաղթանակ արձանագրէ: