Թուրքիոյ Համացանցի Վերաբերեալ Վիճայարոյց Օրէնքը Եւրոպական Միութեան Մօտ «Լուրջ Մտահոգութիւն» Կը Յառաջացնէ
Թուրքիոյ խորհրդարանը որդեգրած է համացանցի վերաբերեալ վիճայարոյց օրէնք մը, որուն համաձայն, Հեռահաղորդակցութեան վարչութեան տնօրէնը այսուհետեւ իրաւասու է առանձինը որոշելու եւ արգիլելու համացանցային կայքերն ու էջերը` առանց կարիքը ունենալու դատարանի որոշումին:
Բացի ատկէ, նոր օրէնքը համացանց մատակարարողներուն կը պարտադրէ պահպանել երկու տարուան ընթացքին իրենց օգտատէրերուն այցելած կայքերուն ցանկը եւ անհրաժեշտութեան պարագային այդ տուեալները հասանելի դարձնել համապատասխան մարմիններուն:
Թուրքիոյ ընդդիմութեան կարծիքով` այս օրէնքը գրաքննութիւն կատարելու ձեւ է, իշխանութիւնն ալ կը հակադարձէ, որ այսպիսով կը փորձէ երեխաներն ու երիտասարդները պաշտպանել համացանցին վրայ եղած այն նիւթերէն, որոնք սեռային բռնութիւն, անձնասպանութիւն եւ թմրամոլութիւն կը խրախուսեն:
Եւրոպական յանձնաժողովը երէկ յայտարարեց, որ «այս օրէնքը այստեղ լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ»: «Օրէնքը իր ներկայ ձեւին մէջ խօսքի ազատութեան շարք մը սահմանափակումներ կը հաստատէ», ըսաւ յանձնաժողովի բանբեր Փիթըր Սթանօ:
«Թրքական հասարակութիւնը յաւելեալ տեղեկութեան եւ յաւելեալ թափանցիկութեան արժանի է, ոչ թէ յաւելեալ սահմանափակումներու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ նկատի ունենալով, որ Թուրքիա Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածու է, ուստի այս օրէնքը «պէտք է եւրոպական արժէչափերուն համահունչ վերատեսութեան ենթարկել»:
Ան ընդգծեց, որ Պրիւքսէլ «շատ մօտէն կը հետեւի» այն հարցին, թէ Թուրքիա անդամակցութեան արժէչափերը ինչպէ՛ս կը յարգէ:

