«Ասատ Տագնապին Մէջ Կէտեր Կ՛արձանագրէ Եւ Որոշ Չափով Իր Դիրքը Բարելաւեց» Կ՛ըսէ Քերրի

KerryՄիացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը ընթացող տագնապին մէջ կէտեր արձանագրեց»:

Քերրի ըսաւ, որ «Ասատ իր դիրքը որոշ չափով բարելաւեց, սակայն միշտ չի յաղթեր, ասիկա անել է»:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Սուրիոյ նկատմամբ ամերիկեան ռազմավարութեան ձախողութեան կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանեց «ո՛չ»: «Սուրիոյ մէջ քաղաքականութիւնը շատ դժուար է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «չենք ուզեր որեւէ ձեւով պատրուակներ փնտռել, սակայն կ՛ուզենք, որ այս հարցը աւելի արագ կերպով յառաջ ընթանայ, եւ այդ մէկը աւելի լաւ ձեւով կատարենք»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտարարեց, որ Սուրիոյ ընդդիմութիւնն ու կառավարութիւնը Հոմս մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են եւ ներկայիս Հոմսի հին քաղաք այդ օժանդակութիւնը հասցնելու հարցը կը քննարկեն` աւելցնելով, որ վերջին ցուցանիշները ցոյց կու տան, որ երկու կողմերը այս հարցին շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են:

«Նաշրա» կայքէջը հաղորդեց, որ Հոմսի նահանգապետ Թալալ Պարազի յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ի հետ քաղաքայինները Հոմսի հին քաղաքէն դուրս բերելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ գոյացած է համաձայնութիւն մը, որ կ՛արտօնէ, որ մանուկները, կիները եւ տարեցները հեռանան քաղաքէն, անմիջապէս, որ անհրաժեշտ միջոցառումները ապահովուին:

Արաբ Եւ Օտար Զինեալները Սուրիական
Հողամասերէն Վտարելու Որոշում Մը

«Ռաշա Թուտէյ» կը տեղեկացնէ, որ Լոնտոնի մէջ տեղակայուած Սուրիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու հարցով դիտորդական խորհուրդը հաղորդած է, որ Սուրիոյ մէջ կռուող իսլամական խմբաւորումները զինադադարի համաձայնութիւն գոյացուցած են: Մարտերը դադրեցնելու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած են ՏԱՀԵՇ եւ ծայրայեղ իսլամական Սուքուր Շամ կազմակերպութիւնը:

Միեւնոյն ժամանակ Սուրիոյ յեղափոխականներու ճակատէն իսլամական զինեալներու այլ խմբաւորում մը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ գործողութիւնները:

Սուրիական ազատ բանակի եւ յեղափոխական շարժումի ուժերու միացեալ սպայակոյտը երէկ յայտարարեց, որ «ահաբեկիչներուն հետ զինադադար չկայ»` աւելցնելով, որ իրենք որոշած են արաբ եւ օտար բոլոր զինեալները սուրիական հողերէն վտարել:

Ընդդիմադիր Երկու Մեծ Խմբաւորումներ
Հալէպի Դէմ Յարձակում Կը Յայտարարեն

«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ սուրիացի ընդդիմադիր զինեալները յայտարարած են Հալէպի դէմ նոր յարձակում սկսելու մասին: Գործողութեան կը մասնակցին երկու մեծ խմբաւորումներ` չափաւորական ընդդիմադիրներու դաշինքէն Իսլամական ճակատը եւ Քայիտայի առնչակից Ժապհաթ Նուսրան:

Զինեալ ընդդիմութեան հրամանատարութիւնը նշած է, որ «բոլոր ստորաբաժանումները պարտաւոր են ձգել իրենց զօրանոցները եւ միանալ զինեալներուն, որոնք կը կռուին ճակատի վրայ: Անոնք, որոնք պիտի հրաժարին կատարել պահանջը, պատասխան պիտի տան»:

Ընդդիմադիր ղեկավարները սուրիացի քաղաքայիններուն կոչ ուղղած են լքելու իրենց տուները, եթէ անոնք կը գտնուին կառավարական զօրամասերու մօտակայքը, որպէսզի մարտերու ընթացքին պատահական զոհեր չդառնան:

Յարձակումին մասին յայտարարութիւնը կատարուած է Սուրիոյ հիւսիսը կառավարական զօրքերու արձանագրած յաջողութեան լոյսին տակ: Կառավարական զօրքերը կրցած էին Հալէպի մէկ մասը վերստին առնել իրենց վերահսկողութեան տակ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )