Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` երկրին ապահովական իրավիճակը:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Պէյրութէն մեկնեցաւ Ռուսիա` ներկայ գտնուելու համար Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիական ձմեռնային խաղերուն բացման հանդիսութեան: Միքաթիի կ՛ընկերակցին երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէ եւ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազենը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամին յայտնեցին, որ կառավարութեան կազմութեան համար անհրաժեշտ է համաձայնիլ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

ՀԵՏԱԶՕՏՈՒԹԵԱՆՑ եւ տեղեկութիւններու Պէյրութի կեդրոնը յայտնեց, որ իր կատարած վիճակագրութեան հիման վրայ փաստուած է, թէ քրիստոնեաներուն 70 առ հարիւրը կը զօրակցի ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մօտ պահելու ընտրանքին:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ եթէ իր կազմած կառավարութենէն շիի համայնքի ներկայացուցիչները հրաժարին, ինք եւս պիտի հրաժարի իր պաշտօնէն:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ ընթացիկ հարցերու կառավարութիւն մը, որ խորհրդարանին վստահութեան քուէն չէ ստացած, տիրանայ հանրապետութեան նախագահի իրաւասութիւններուն:

ՀԵՐՄԵԼԻ պայթումին պատճառով ծանրօրէն վիրաւորուած քաղաքացի Մոհամետ Ժաուհարի երէկ մահացաւ:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, պայթումներուն դիմադարձելու Հըզպալլայի պատասխանը սերտուած է արդէն եւ անոր գործադրութիւնը տարբեր միջոցներով սկսած է:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆ շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ կոչ ուղղեց կառչած մնալու Պքերքէի հրապարակած ազգային փաստաթուղթին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Միշել Ֆարաոն շեշտեց, որ Պքերքէի հրապարակած ազգային փաստաթուղթը «Պաապտայի յայտարարութեան» շարունակականութիւնը կ՛ապահովէ, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համախոհութիւն կ՛ենթադրէ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամ կը փափաքէր կառավարութեան կազմութիւնը յայտարարել, նախքան հանրապետութեան նախագահին Թունուզ ճամբորդութիւնը, սակայն ան թելադրանքներ ստացաւ` նոր դահլիճին յայտարարութեան մէջ չաճապարելու առումով:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ վարչական հարցերու խորրհդարանի մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ շեշտեց, որ Պքերքէի հրապարակած ազգային փաստաթուղթը կը նկատուի արդար եւ կարող պետութիւն մը կերտելու հիմքը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES