«Համալսարանն Ու Հիմնարկը Գիտական Հետազօտութիւններէն Օգտուելու Ապագայ Հեռանկարներ Ունին» Շեշտեց Վրէժ Սապունճեան
Երէկ աւարտեցաւ Ճարտարարուեստի մարզի հետազօտութիւններու հիմնարկին կազմակերպած վարժանքը, որ յատուկ կերպով կազմակերպուած էր Լիբանանեան համալսարանի ճարտարագիտական բաժանմունքի ուսանողներուն համար:
Այս առիթով ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Վրէժ Սապունճեան ներկայ գտնուեցաւ վարժանքին մասնակցող ուսանողներուն վկայագիրները յանձնելու պաշտօնական ձեռնարկին:
Ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ, նախկին նախարար Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն, Ճարտարարուեստի մարզի հետազօտութիւններու հիմնարկի նախագահ Պասսամ Ֆրըն եւ Լիբանանեան համալսարանի ճարտարագիտական բաժանմունքի տնօրէն Ռաֆիք Եունես, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ուսանողներ եւ դասախօսներ:
Պաշտօնական ձեռնարկին ընթացքին նախարար Սապունճեան ողջունեց Ճարտարարուեստի մարզի հետազօտութիւններու հիմնարկին եւ Լիբանանեան համալսարանին միջեւ գործակցութիւնը` նշելով, որ անիկա առիթ կու տայ համալսարանի շրջանաւարտներուն աշխատանքի շուկային մէջ իրենց հորիզոնները ընդարձակելու: Համալսարանն ու հիմնարկը առիթ կու տան գիտական հետազօտութիւններէն օգտուելու եւ ընկերութեան ծառայելու, ճարտարարուեստը զարգացնելու, արտադրութիւններուն որակը բարելաւելու, սպառողը պաշտպանելու եւ աշխատանքի նոր առիթներ ստեղծելու ապագայ հեռանկարներ ընծայելու:
«Իմ խորհուրդս ձեզի պիտի ըլլայ այն, որ կեդրոնանաք ձեր ուսման վրայ եւ հեռանաք բոլոր այն երեւոյթներէն, որոնք ապարդիւն են», շեշտեց Վ. Սապունճեան:
Իր կարգին, Ատնան Սէյիտ Հիւսէյն ընդգծեց գիտութեան եւ արհեստագիտութեան միաձուլման անհրաժեշտութիւնը` արդի պետութիւն մը կերտելու նպատակով:
Խօսք առաւ նաեւ Ֆրըն, որ շեշտեց, թէ վարժանքին ընթացքին ներկայացուած են այնպիսի թեքնիքներ, որոնք ճարտարարուեստի եւ ակադեմական մարզերը կ՛օժտեն հմտութիւններով եւ ծառայութիւններով:

