Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան. «Կը Մերժենք Կառավարութիւնը Հակասահմանադրական Դարձնող Որեւէ Խորամանկութիւն»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նիստէն պահ մը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նիստէն պահ մը

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` գլխաւորութեամբ իր նախագահին, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:

Նիստէն ետք պլոքին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կարդաց երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, որ կոչ ուղղեց դիւրացնելու կառավարութեան կազմութիւնը` վերջ տալով զետեղուած արգելքներուն եւ խոչընդոտներուն:

Ֆատլալլա շեշտեց, որ ներկայիս տիրող պայմանները չեն արտօներ որեւէ խորամանկութիւն, որ կառավարութիւնը հակասահմանադրական կը դարձնէ` հարուածելով ազգային համագործակցութիւնը:

Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենք յանձնառու կը մնան նախագահական ընտրութիւններուն կայացումին:

Ֆատլալլա նաեւ ողջունեց Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ փոխըմբռնումի պատմական համաձայնագիրը եւ անոր արձանագրած ութամեայ յաջողութիւնը` փոխադարձ հասկացողութեան եւ վստահութեան շնորհիւ: Ան կոչ ուղղեց փոխըմբռնումի այդ համաձայնագիրը ընդհանրացնելու:

Share this Article
CATEGORIES