Պէյրութի Արդարութեան Պալատին Մօտ Ապահովական Խիստ Միջոցառումներ

Քըրթպաուի` արդարութեան պալատին առջեւ

Քըրթպաուի` արդարութեան պալատին առջեւ

Երէկ կէսօրին Պէյրութի Արդարութեան պալատին մօտ որդեգրուեցան ապահովական խիստ միջոցառումներ եւ պալատին անձնակազմը ամբողջութեամբ դուրս բերուեցաւ պալատէն, երբ անծանօթ մը հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, թէ Արդարութեան պալատին մէջ ական մը կամ ռումբ մը կայ:

Արդարութեան նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի ժամանեց Արդարութեան պալատ, ուր ան յայտնեց, որ պալատին մէջ ոչ մէկ ռումբ կամ ական գտնուած է յետ խուզարկութեան:

Քըրթպաուի հաստատեց, որ ինք չի զարմանար, եթէ հեռաձայնային այդ հաղորդակցութեան նպատակը ըլլայ սարսափ պատճառել եւ խուճապ ստեղծել, այնպիսի հանգրուանի մը, երբ լիբանանցիները պայթումներու հաւանականութենէն կը տառապին:

Քըրթպաուի յայտնեց, որ նախորդ անգամներուն եւս Պէյրութի Արդարութեան պալատը նման անճիշդ զգուշացումներ ստացած է եւ ապա բացայայտուած է, թէ այդ զգուշացումը կատարուած է խոչընդոտելու համար բանտարկեալի մը դատավարութիւնը:

ՄԻՒՍ կողմէ, պէտք է նշել, որ Շուէյֆաթի պայթումին շրջագիծին մէջ ձերբակալուած հինգ կասկածելիները երէկ ազատ արձակուեցան Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըրի արտօնութեամբ:

Զինուորական դատախազութիւնը քանի մը օրերու ընթացքին զանոնք հարցաքննելէ ետք ոչ մէկ յանցանք գտած էր:

 

Share this Article
CATEGORIES