Նոր Դահլիճի Յայտարարութիւնը Կը Յետաձգուի, Իսկ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին

Ապու Ֆաուր եւ Ռայի պատրիարք
Նկատի ունենալով նախանցեալ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած երկարատեւ հանդիպումը` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի միջեւ, երէկ նախագահ Սլէյման ջնջեց Պաապտայի մէջ իր բոլոր ժամադրութիւնները, եւ որդեգրուեցան կառավարութիւն յայտարարելու արարողակարգային բոլոր դասաւորումները:
Սակայն աւելի ուշ յստակ դարձաւ, որ նոր դահլիճի յայտարարութիւնը պիտի կատարուի նախագահ Սլէյմանի Թունուզ կատարելիք այցելութենէն ետք եւ կամ յաջորդ շաբաթասկիզբին` նկատի ունենալով Սալամի կողմէ կատարուելիք մետասաներորդ պահու խորհրդակցութիւնները:
Նշենք, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին իրենց մասնակցութիւնը բերող
կողմերը վերսկսած են իրենց աշխատանքին եւ ջանքերուն, մինչ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը մնան Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի զօրակցելու իրենց կեցուածքին վրայ եւ զօր. Աունի կողմէ կառավարութեան մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու պարագային անոնք յանձնառու պիտի մնան այդ կեցուածքին:
Իր կարգին, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ինք պիտի սպասէ կառավարութեան նոր կազմին, որուն չէզոք ըլլալու պարագային` ինք պիտի անոր մաս կազմէ:
Միւս կողմէ, Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ Ռայի պատրիարքին փոխանցեց երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի դրուատիքը` Պքերքէի բանաձեւած ազգային փաստաթուղթին առնչութեամբ:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ժոմպլաթ բարձր կը գնահատէ այդ փաստաթուղթը, որ կը ներկայացնէ լիբանանցիներուն խիղճը, ինչպէս նաեւ պետութիւնը հիմնելու, ազգային համակեցութիւնը ամրապնդելու եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու փափաքը:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ինք Ռայի պատրիարքը տեղեակ պահած է կառավարութեան կազմութեան արձանագրած զարգացումներուն մասին:
Պէտք է աւելցնել, որ Ռայի պատրիարքը ողջոյնի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ հանրապետութեան նախագահին, նշանակեալ վարչապետին եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ` Պքերքէի հրապարակած ազգային փաստաթուղթին համար:

