Օհանեան Եւ Մինսքի Խմբակի Միջնորդները Քննարկեցին Իրավիճակը Շփման Գիծին Վրայ

Ohanian_MinskՀայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները նախանցեալ օր տեղի ունեցած հանդիպման ժամանակ քննարկեցին շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը եւ անկէ բխող հետեւանքները:

«Անդրադառնալով յունուար ամսուան ընթացքին ազրպէյճանական կողմի սադրիչ գործողութիւններուն` Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ անոնք կը հակասեն նախորդ տարուան նոյեմբերին եւ մինչեւ այսօր զինադադարի դրութեան պահպանման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն, եւ կարեւոր նկատեց այսպիսի դէպքերու հասցէագրուած գնահատումը: Այդ առումով Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը համանախագահներուն կոչ ուղղեց աշխուժացնելու աշխատանքները եւ համապատասխան միջոցներ ու մասնագէտներ ներգրաւելու միջադէպերու քննութեան մեքանիզմի ստեղծման համար», ըսուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Սէյրան Օհանեան նաեւ տեղեկացուց, որ 20 յունուարին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծի հիւսիսարեւելեան (Ջրաբերդ) եւ հարաւարեւելեան (Կորգան) ուղղութեամբ հակառակորդին կողմէ արձանագրուած հետախուզական խումբերու ներթափանցման միաժամանակեայ փորձերու փաստին առիթով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան մէջ յարուցուեցան քրէական գործեր եւ կ՛իրականացուի հետաքննութիւն:

Հանդիպման մասնակիցները շեշտեցին զինադադարի դրութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES