Վրացական Նոր Օրէնքով Ախալցխայի Քաղաքապետի Պաշտօնը Դարձած Է Ընտրովի

Javakhk«Ջաւախքմետիա» կայքը կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի օր Վրաստանի խորհրդարանը երրորդ ընթերցումով որդեգրած է ինքնակառավարման մարմիններուն վերաբերեալ նոր օրինագիծը, ըստ որուն, ինքնակառավարման կարգավիճակ պիտի ունենան միայն այն քաղաքները, որոնք կը նկատուին շրջանային կեդրոններ:

Ինքնակառավարման իրաւունք ստացած քաղաքներու շարքին է նաեւ Սամցխէ-Ջաւախք շրջանի կեդրոնը նկատուող Ախալցխա քաղաքը, ուր ներկայ դրութեամբ հայերը կը կազմեն բնակչութեան շուրջ 40 առ հարիւրը: Նոր օրինագիծին համաձայն, քաղաքապետի պաշտօնը Ախալցխայի մէջ կը դառնայ ընտրովի:

Սկզբնական ժամանակաշրջանին ինքնակառավարման քաղաքներու վերաբերեալ օրէնքի նախագիծը կ՛ենթադրէր աւելի լայն ինքնակառավարման իրաւունքի շնորհում շրջաններուն: Քննարկման փուլին կ՛ենթադրուէր աւելի շատ քաղաքներու շնորհել ինքնակառավարման իրաւունք, սակայն, ըստ աղբիւրին, տուեալ օրինագիծը վերատեսութեան ենթարկուած է Վրաստանի պատրիարքին յայտարարութենէն ետք, որուն մէջ ան մտահոգութիւն յայտնած է ազգային փոքրամասնութիւններով բնակուած շրջաններու հարցին վերաբերեալ, որուն իբրեւ արդիւնք նոյն իրաւունքը չէ ստացած Սամցխէ-Ջաւախքի Ախալքալաք քաղաքը:

Share this Article
CATEGORIES