Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Ղարաբաղեան Տագնապի Կողմերուն Կոչ Ուղղած Են Զսպուածութիւն Ցուցաբերելու

Ֆոր, Փոփով եւ Ուորլիք
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Հայաստան եւ Ազրպէյճան իրենց վերջին այցելութենէն ետք տարածած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, որ համանախագահներ Իկոր Փոփով Ռուսիա), Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա), Ճէյմս Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք (Լեհաստան) 4-էն 5 փետրուարին այցելած են Ազրպէյճան եւ Հայաստան:
Պաքուի մէջ անոնք հանդիպում ունեցած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, իսկ Հայաստանի մէջ` նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, հանդիպումներ ունեցած են նաեւ երկու կողմերու արտաքին գործոց նախարարներուն եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ:
Համանախագահները նախագահներուն հետ քննարկած են արտաքին գործոց նախարարներու Փարիզի մէջ ունեցած վերջին հանդիպումը եւ ընդգծած են հետագայ բանակցութիւններու կարեւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծման առումով:
Անոնք ընդգծած են բանակցութիւնները բարձր մակարդակով շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս որ համաձայնուած էր Վիեննայի մէջ:
Համանախագահները խոր մտահոգութիւն յայտնած են սահմանագիծի իրավիճակի վերջին սրումին առնչութեամբ եւ կողմերուն կոչ ուղղած են իրենց գործողութիւններուն եւ հռետորաբանութեան մէջ զսպուածութիւն ցուցաբերելու:
Կողմերը ընդգծած են իրենց մտադրութիւնը` պահպանելու հրադադարը եւ խուսափելու հետագայ լարուածութենէն` մասնաւորաբար հաշուի առնելով Սոչիի Ողիմպիական խաղերը:
Համանախագահները յաջորդ շաբաթներուն պիտի շարունակեն բանակցութիւնները կողմերուն հետ` բարձր մակարդակով հանդիպումներ կազմակերպելու նպատակով:

