Արծուիկ Մինասեան Չի Բացառեր Զանգուածային Բողոքի Ցոյցերու Կայացումը` Պարտադիր Կուտակային Համակարգին Դէմ»

Արծուիկ Մինասեան
«Ես աւելի քան վստահ եմ, որ պիտի ըլլան էական փոփոխութիւններ նոյնիսկ այն պարագային, եթէ Սահմանադրական դատարանը չգոհացնէ մեր դիմումը: Թէ՛ Սահմանադրական դատարանի նախագահը եւ թէ՛ դատարանի անդամներուն զգալի մասը պետական մտածողութեան տէր անձեր են: Վստահ եմ, որ իրենք ալ հաշուի կ՛առնեն հասարակութեան տրամադրութիւնը եւ պետութեան կառոյցներուն մէջ անոր համապատասխան փոփոխութիւններ պիտի իրականացնեն», ըսաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան` պատասխանելով «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի դրոյթներուն վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանի հաւանական որոշումներուն վերաբերեալ Panorama.am-ի հարցադրման:
Իսկ թէ պայքարի ի՞նչ ձեւերու պիտի դիմեն, եթէ Սահմանադրական դատարանը այդ դրոյթները հակասահմանադրական չճանչնայ, ապա պատգամաւորը չշտապեց փակագիծեր բանալ: «Թէ ի՛նչ ռազմավարութիւն կ՛որդեգրենք մենք, ատիկա արդէն յայտնի կ՛ըլլայ 28 մարտի դատաքննութեան աւարտէն ետք», ընդգծեց Արծուիկ Մինասեան:
Միեւնոյն ժամանակ ՀՅԴ ներկայացուցիչը չբացառեց զանգուածային բողոքի ցոյցերու կայացումը: Մինասեան շեշտեց, որ պայքարը պիտի չդադրի, այնքան ատեն որ իրենց նպատակին չեն հասած:
Նշենք, որ նախորդ տարուան 17 դեկտեմբերին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ, Ժառանգութիւն, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Հայ Ազգային քոնկրես խմբակցութիւնները դիմած էին Սահմանադրական դատարան` «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» 1 յունուարէն ուժի մտած որոշ դրոյթներ, մասնաւորաբար, պարտադիր բաղադրիչը հակասահմանադրական ճանչնալու համար:
Արդէն այս տարուան 24 յունուարին Սահմանադրական դատարանը, մինչեւ գործին դատաքննութեան աւարտը, կասեցուց «Կուտակային կենսաթոշակներու մասին» օրէնքի 76-րդ յօդուածին եւ 86-րդ յօդուածի երրորդ մասին գործադրութիւնը:
Խմբակցութիւններու դիմումի հիման վրայ վարոյթ ընդունուած գործը Սահմանադրական դատարանը պիտի քննէ 28 մարտին:
Միւս կողմէ, երէկ Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին Արծուիկ Մինասեան ներկայացուց իր դիտարկումները «Որոտան» քասքատի վաճառքին վերաբերեալ: Ան նշեց, որ «Մասնաւորեցման մասին» Հայաստանի օրէնքով` պետական մարմինները կրնան մասնաւորեցուիլ միայն օրէնքով նախատեսուած կարգով կամ միջազգային համաձայնագիրներով: Սակայն այն տարբերակը, որ ընտրած է կառավարութիւնը, ըստ համաձայնագիրին, որեւէ տրամաբանական աղերս չունի մասնաւորեցման մասին օրէնքին հետ:
Մինասեան համոզուած է, որ կառավարութիւնը չկիրարկելով մասնաւորեցման ընթացակարգը, նախ վնաս պատճառած է պետական պիւտճէին եւ այն համայնքներուն, որոնք յաւելեալ եկամուտներ պէտք է ունենային այս վաճառքէն:
Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին, «Որոտան» քասքատի վաճառքը իրաւական տեսակէտէն վիճայարոյց է եւ քանի տակաւին չեն ներկայացուած գաղտնի գործարքի վերաբերեալ բոլոր հանգամանքները, իշխանութիւնները եւ կառավարութիւնը չեն կրնար պնդել, թէ ատիկա եղած է իրաւական հիմքերու վրայ:

