«Նուաճի՛ր Իրաւունքդ» Խորագիրով Բազմամարդ Բողոքի Ցոյց` Ընդդէմ Պարտադիր Կուտակային Կենսաթոշակային Համակարգի

«ԴԷՄ ԵՄ»-ի ցոյցէն պահ մը

«ԴԷՄ ԵՄ»-ի ցոյցէն պահ մը

Երէկ Պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգի գործադրութեան դէմ «ԴԷՄ ԵՄ» նախաձեռնութիւնը բողոքի ցոյց կատարեց կառավարութեան 3-րդ շէնքին դիմաց` «Նուաճի՛ր իրաւունքդ» խորագիրով: Կը մասնակցէին մեծ թիւով քաղաքացիներ: Ցոյցին մասնակիցները բարձրախօսով կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին կոչ ուղղեցին ուսուցիչներու աշխատավարձերէն ստիպողաբար չգանձել պարտադիր կուտակային կենսաթոշակային համակարգով նախատեսուած 5 առ հարիւր գումարը, քանի տակաւին ուժի մէջ է Սահմանադրական դատարանի որոշումը, որով ժամանակաւորապէս քաղաքացիները ազատ կը կացուցուին վճարումը չկատարելու պարագային նախատեսուած տուգանքներէն:

«Մի՛ լռէք, բարձրացուցէ՛ք ձեր ձայները, եթէ ձեզ կը պարտադրեն վճարել այդ գումարը», կրթական մարզի աշխատողներուն բարձրախօսով կը դիմէին բողոքի մասնակիցները:

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան վարչութեան ատենապետ Գերասիմ Վարդանեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ կառավարութիւնը ոչինչ կ՛ընէ ժողովուրդին համար, մինչդեռ առաջինը կառավարութիւնը պէտք է կատարէր Սահմանադրական դատարանի որոշումը` կասեցնել պարտադիր պահումները, իսկ կենսաթոշակներու հիմնադրամներ չընտրած քաղաքացիները ազատ կացուցել պատասխանատուութենէն:

Protest2Իրաւունքներու նուաճման երթին մասնակիցները քալեցին դէպի ելեւմուտքի նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր սուլեցին, վանկարկեցին «ամօթ», ապա մեկնեցան դէպի կառավարութեան շէնք, ուրկէ պիտի մեկնէին դէպի Կեդրոնական դրամատուն, ապա` քաղաքապետարան եւ Պետական եկամուտներու կոմիտէ:

«Այսօր պետական այրերը զբաղած են ոչ թէ պետականաշինութեամբ, այլ թալանով: Ամէն ինչ կ՛ընեն, որ նպաստեն արտագաղթին: Բայց մենք պիտի չարտագաղթենք: Մենք ենք մեր երկրին տէրը», կառավարութեան շէնքին մօտ յայտարարեցին երթին մասնակիցները:

Ցուցարարներուն կ՛ուղեկցէին մեծ թիւով ոստիկաններ: Ցոյցին մասնակիցները կը զարնէին թմբուկներ, կը վանկարկէին «ամօթ»` յիշեցնելով, որ գործատուները, որոնք պահումներ կը կատարեն իրենց աշխատողներու աշխատավարձերէն, չեն յարգեր Սահմանադրական դատարանի որոշումը:

Ցոյցին մասնակիցները կը պահանջէին կատարել Սահմանադրական դատարանի որոշումը եւ պետական հիմնարկներուն մէջ աշխատող քաղաքացիներուն չստիպել, որ իրենց աշխատավարձերէն յատկացումներ կատարեն պարտադիր կուտակային հիմնադրամներուն:

Ցոյցի մասնակիցները երթը աւարտեցին Երեւանի քաղաքապետարանին մօտ` կրկին բոլորին կոչ ուղղելով միանալ, ինքնակազմակերպուիլ եւ պայքարիլ հակասահմանադրական օրէնքին դէմ:

Աւարտին Գերասիմ Վարդանեան կոչ ուղղեց միանալու իրենց յաջորդ ցոյցերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան մարզերուն մէջ:

Յաջորդ ցոյցը տեղի պիտի ունենայ 8 փետրուարին` Վանաձորի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES