Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Մարզանքը լաւագոյն միջոցն է ձեր մարմինէն չքացնելու համար աւելորդ, կուտակուած իւղերը: Առողջ մնալու կարեւորագոյն ձեւը մարզանքն է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ուր որ երթաք, քալելով թէ ինքնաշարժով, ուշադիր եղէք ձեր քսակին: Քսակահատները բազմացած են, հետեւաբար ձեզի կը մնայ ըլլալ աչալուրջ:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեզմէ պիտի խնդրեն մասնակցելու հաւաքական աշխատանքի մը: Երկար մտածելու կարիքը չկայ այս պարագային, կրնաք անմիջապէս մերժել, որովհետեւ ձեր նկարագրին յարմար աշխատանք մը չէ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ծրագիր մը յաջողցնելու համար աշխատանքը կարեւոր է, բայց անոր արագ իրագործումը մի՛ հետապնդէք: Թոյլ տուէք, որ ինքնաբերաբար կատարուի:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մտահոգութիւն մը պիտի փարատի` շնորհիւ ձեռնհաս անձի մը աջակցութեան: Կրնաք շնորհակալութիւն յայտնել անոր` առանց մոռացութեան տալու եղած կարեւոր իրագործումը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Օր առաջ աւարտել կ՛ուզէք սկսուած գործ մը, բայց այս պարագային հարկ է ըլլալ քիչ մը բծախնդիր, որովհետեւ աճապարանքը շփոթ կը ստեղծէ:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ինքնաշարժը քննութեան ենթարկեցէք նախքան ճամբայ ելլելը, նոյնիսկ` մօտիկ տեղ մը երթալու պարագային: Առաւօտեան ժամերուն հեռու մնացէք անհաճոյ հարցերէ: Արթնամիտ պէտք է ըլլալ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընթրիքի հիւրեր կրնաք ունենալ, հետեւաբար պատրաստեցէք հիւրասիրելու որոշ ուտելիք: Մի՛ մոռնաք թեթեւ ըմպելիները` մթնոլորտը ջերմացնելու:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեզմէ պիտի պահանջուի յաւելեալ աշխատանք` աւարտելու համար այն նախաձեռնութիւնը, որուն համար կրնաք ստանալ վարձատրութիւն: Խոյս մի՛ տաք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նախապաշարումներէ հեռու մնացէք, եթէ կ՛ուզէք հանգիստ եւ առանց մտահոգութեան ապրիլ կեանքը: Հետեւեցէք բնութեան, որ նախախնամութեան որոշումները կը կիրարկէ ինքնաբերաբար: Անիմաստ խօսքերէ հեռու կեցէք:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գլուխ գլխի հանդիպում մը պիտի ունենաք հակառակ սեռի անձի մը հետ, որուն ծանօթացած էիք վերջերս: Դիւրահաւան մի՛ ըլլաք քաղցր խօսքեր լսելով:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կը խոստանաք չկրկնել սխալ մը, բայց կրկին կ՛իյնաք ծուղակի մէջ` անսալով ձեր լսած վկայութիւններուն, որոնք անհիմն են: Իմաստութիւնը ձեր մնայուն բարեկամը պէտք է ըլլայ:

Share this Article
CATEGORIES