50 Տարի Առաջ (8 Փետրուար 1964)

Խմբագրական

Բուժարանի Օրը

Ազունիէի դալար բլուրին վրայ թառած Ազգային բուժարանը այն նուիրական հաստատութիւններէն մէկն է, որ իր բազմամեայ արդիւնաւէտ գործունէութեամբ, համազգային գնահատանքի եւ գուրգուրանքի արժանի դարձած է:

Հայ ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով եւ հոսանքներով տարիներէ ի վեր տէր ու թիկունք կը կանգնի այս հաստատութեան, որ ազգին լումաներով շինուեցաւ ու բարգաւաճեցաւ, ու դարձեալ ազգային նուիրաբերութեամբ կը պահպանուի այսօր:

Բուժարանը, իբրեւ շքեղ իրագործումներէն մէկը մեր գաղութին, պատիւ կը բերէ Լիբանանի հայութեան, որ գիտցաւ առաջին իսկ օրէն ըմբռնել կարեւորութիւնը այդ հաստատութեան, որ պիտի կոչուէր նախախնամական դեր մը խաղալու ոչ միայն մեր գաղութի, այլ նաեւ հարեւան գաղութներու համար, ուրկէ բազմաթիւ դժբախտ հայրենակիցներ կու գան բուժուելու եւ դարմանուելու այս հաստատութեան յարկին ներքեւ:

Հիմնուած աւելի քան երեսուն տարի առաջ, Ազգային բուժարանը հպարտառիթ հաստատութիւն մըն է այսօր` իբրեւ կենդանի վկայութիւնը մեր գաղութի շինարարական ոգիին: Տարուէ տարի զարգանալով եւ բարգաւաճելով` բուժարանը հասած է այսօրուան նախանձելի վիճակին` շնորհիւ անոր հանդէպ հայ ժողովուրդի ցոյց տուած անսակարկ զոհաբերութեան, որուն արտայայտութիւնը ամէն օր կը տեսնենք մեր թերթերուն մէջ:

Արդարեւ, օր չ՛անցնիր, որ մեր թերթերու նուիրատուութեանց սիւնակները չլեցուին ի նպաստ բուժարանին կատարուած նուիրատուութիւններով, որոնք թէեւ չնչին տոկոսը կը կազմեն բուժարանի ընդհանուր պիւտճէին, որ կը հասնի կէս միլիոն պատկառելի գումարի մը:

Վաղը` կիրակի, 9 փետրուար, Բարեկենդանի տօնին առթիւ տեղի պիտի ունենայ բուժարանի տարեկան հանգանակութիւնը, որ այլեւս դարձած է աւանդական ձեռնարկ մը եւ իր քաջալերական արդիւնքով կը հանդիսանայ փաստը այն հոգածութեան, որուն արժանի է այս հաստատութիւնը:

Բուժարանը նախախնամական դեր կը կատարէ ոչ միայն մեր ժողովուրդի հիւանդ զաւակներուն համար, այլ նաեւ արաբական եղբայր ժողովուրդներու զաւակներուն, փոքր մասով մը հատուցանելով երախտագիտական այն պարտքը, որ մեր ժողովուրդը ունի հանդէպ արաբական ասպնջական երկիրներուն:

Վստահ ենք, որ վաղուան հանգանակութիւնը, նախորդ տարիներուն նման, պիտի տայ քաջալերական արդիւնք, անգամ մը եւս հաստատելով այն իրողութիւնը, որ հայ ժողովուրդը գիտէ խորապէս գնահատել արժէքաւոր ձեռնարկները, մանաւանդ երբ անոնք մարդասիրական բնոյթ ունին:

Այս վստահութեամբ ալ հանգանակիչ յանձնախումբերը վաղը պիտի դիմեն մեզի, որպէսզի իւրաքանչիւրս առաւելագոյն չափով մասնակցինք հանգանակութեան:

Բուժարանը մենք շինեցինք:

Մեր պարտականութիւնն է զայն կանգուն պահել:

 

ՀԿԵՄ

Վարդանանց Տօնակատարութիւնը
Պուրճ Համուտի Մէջ

Չորեքշաբթի, 5 փետրուար 1964, երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Պուրճ Համուտի «Գերմանիկ» ընդարձակ սրահին մէջ, հանդիսականներու հոծ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ ՀԿԵՄ-ի կազմակերպած Վարդանանց շքեղ տօնակատարութիւնը` բարձր հովանաւորութեամբ Իգնատիոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքի եւ նախագահութեամբ Մեսրոպ եպս. Թերզեանի` ընդհանուր փոխանորդ կաթողիկէ պատրիարքութեան:

Բացման խօսքը ըրաւ Յարութիւն Էվէրէկլեան: Գործադրուեցաւ ճոխ յայտագիր, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Փրկիչ երգչախումբը, լիբանանեան քայլերգով եւ «Հիմի էլ լռենք» ու «Կիլիկիա» քառաձայն խմբերգներով, ղեկավարութեամբ հայր Մանուէլ վրդ. Պաթագեանի:

Լ. Տէր Ադամեան արտասանեց իրանահայ բանաստեղծ Գէորգ Դարֆիի «Հոգիների փոթորկումը»: Յակոբ Քէլէշեան ջութակով եւ  Պօղոս Ճելալեան դաշնակով նուագեցին Ա. Սպենդիարեանի «Օրօր»-ը:

Այնուհետեւ Զոհրապ Գիրէջեան ազգայնաշունչ հոյակապ ճառ մը խօսեցաւ: Եզրակացնելով իր խօսքը` ըսաւ. «Վարդանանք մեզի տուին ճակատաբաց ապրելու իրաւունքը»:

Ցուցադրուեցան սրբազան պապի Երուսաղէմ այցելութենէն տեսարաններ:

Խանդավառ ծափերու արժանացաւ փրոֆ. Ժոզեֆ Իշխանեան` իր կիթառով նուագած յաջորդական երեք կտորներուն համար: Վ. Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց»-ի եւ Եղիշէի «Վարդանի ճառ»-ին խմբական արտասանութիւնը բաւարար յաջողութեամբ կատարուեցաւ, ուր մենասողներ Բենիամին Սահակեան եւ Պարգեւ Գիրէջեան, որ շնորհալի արտասանող մըն է, ջերմօրէն ծափահարուեցան:

Սօսի Մինասեան մեներգեց «Ալ վարդի երազը»` Բ. Կանաչեանի եւ «Երեւանի գիշերները»:

Վերջին խօսողը եղաւ Մեսրոպ եպս. Թերզեան, որ պատմական տուեալներով տուաւ Վարդանանց դիւցազնամարտի խորհուրդը, եւ յորդորեց հայ ապրիլ:

ՀՐԱԶԴԱՆ

Share this Article
CATEGORIES