Մանուկները Խխունջնե՞ր Դարձած Են
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ըստ աւստրալիական ուսումնասիրութեան մը, ներկայի մանուկները շատ աւելի նուազ եւ նուազ երկար կը վազեն, քան իրենց ծնողները` նոյն տարիքին: Այս ուսումնասիրութիւնը կ՛ընդգրկէ հարուստ երկիրներու բոլոր մանուկները, մանչեր եւ աղջիկներ:
Այս եզրակացութեան հասնելու համար 50 տարբեր ուսումնասիրութիւններ կատարուած են 1964 եւ 2010 թուականներու միջեւ: Անոնք չափած են տոկունութիւնը 9-17 տարեկան, 28 տարբեր երկիրներու մէջ ապրող (մեծամասնութեամբ հարուստ երկիրներ) աւելի քան 25 միլիոն մանուկներու:
Աւստրալիացի մասնագէտներու խմբակ մը վերլուծած է այս ուսումնասիրութիւնները: Ան մանուկներուն ֆիզիքական վիճակը բաղդատած է` ըստ երկու չափանիշներու:
– Որքա՞ն հեռաւորութիւն անոնք կրնան կտրել տուեալ ժամանակի մը մէջ (5-15 վայրկեանի միջեւ):
– Որքա՞ն ժամանակէն անոնք կը կտրեն տուեալ հեռաւորութիւն մը (800 մեթրէն 1600 մեթրի միջեւ):
Արդիւնք` ներկայի մանուկները շատ աւելի նուազ եւ նուազ երկար կը վազեն, քան` 30 տարի առաջուան մանուկները:
* * *
Պատճառներ` յաւելեալ ծանրութիւն եւ նուազ ֆիզիքական աշխատանք
Մանուկներուն իրագործումները սկսած են նուազիլ 1975 թուականէն սկսեալ: Ըստ աւստրալիական ուսումնասիրութեան, այս երեւոյթին գլխաւոր երկու պատճառներն են` մանուկներուն աւելցող ծանրութիւնը եւ անոնց ֆիզիքական նուազ աշխատանքներ կատարելը:
Այս ուսումնասիրութիւնը ահազանգ մըն է առողջապահութեան մասնագէտներուն համար: Պէտք է կարենալ դարձեալ մարդոց շարժիլ տալ, այլապէս ներկայի սերունդը կամ անոր յաջորդող սերունդը նուազ երկար պիտի ապրի: Այս երեւոյթը բնաւ չէր պատահած մարդկութեան պատմութեան մէջ:
Պզտիկ տարիքէն մարզանքը կարեւոր է
Փոքր տարիքէն սկսիլ շարժիլը «առողջապահական դրամագլուխ» մը կը կուտակէ: Այսինքն մենք կը շինենք դրական կէտերու խումբ մը, որ մեզի պիտի ծառայէ հետագային, չափահաս տարիքին: Մարզանքի շնորհիւ` մենք կը խուսափինք աւելորդ ծանրութենէ, առանձնաշնորհութիւնը տալով ոսկորներու տոկունութեան եւ մկանային ուժին:
Որքան մենք շարժինք մեր փոքր տարիքին, այնքան առիթը կ՛ունենանք շարժուն չափահասներ դառնալու: Մարզանքի սէրը փոքր տարիքէն կը զարգացուի:
Ֆէյսպուքի 12 Տարեկան Մրցակիցը
Նիքոս 12 տարեկան պատանի մըն է, որ կը յաճախէ Յունաստանի Թեսալոնիքի քոլեճը: Ան շատ կը սիրէ իր ազատ ժամերը համակարգիչին առջեւ անցընել: Եւ առանց որեւէ մէկ դաս առնելու` ան 9 տարեկանին արդէն սկսած է համակարգիչի ծրագիրներ պատրաստել:
Անոր ամէնէն մեծ յաջողութիւնը կը կոչուի «Թեք իզ կէյմ» (թեքնոլոժին խաղ մըն է): Այս կայքէջը կարելիութիւնը կու տայ համացանցին վրայ խաղալու, հեքըրզներէն (համակարգիչի «ծովահէններ», կայքահէններ) պաշտպանուած:
* * *
Նիքոս որոշած է զարգացնել այս գաղափարը: Այս ձեւով, ան առաջարկած է Կուկըլ կայքէջի պատասխանատուներուն` նոր կայքէջ մը, «Թեք իզ սոշըլ» (թեքնոլոժին ընկերային է):
Այս կայքէջին ընդմէջէն, ֆէյսպուքի նման, ընկերներ իրարու կապուած պիտի ըլլան. շղթայի մը օղակներուն նման, կը բացատրէ Նիքոս: Սակայն «լայք» (կը սիրեմ) նշանին կողքին ան աւելցուցած է «Տիսլայք» (չեմ սիրեր):
Նոյն ատեն Նիքոս յղացած է նաեւ ուրիշ ծրագիր մը, որ հեռու կը պահէ գէշ նպատակներ ունեցող անձերը:
Համակարգիչի հզօր պատասխանատուներուն դիմաց` 12 տարեկան «փոքրիկ» հանճա՞ր մը. մենք անշուշտ «լայք» պիտի դնենք:
Գիտէի՞ր, Թէ…

Թի. ռեքս հոյամողէսին թեւերը այնքան կարճ էին, որ ան չէր կրնար իր քիթը քերել:

Աշխարհի ամէնէն մեծ սքէյթպորտը դպրոցական փոխադրակառքի մը չափ մեծ է:

Մեղուները 5 աչք ունին:
- Մարդկային մարմինը շատ չնչին քանակով ոսկի կը պարունակէ:
- Քոլոմպիոյ մէջ խորոված մրջիւնները շատ սիրուած սնաք մըն են:
- Աշխարհի ամէնէն մեծ սքէյթպորտը դպրոցական փոխադրակառքի մը չափ մեծ է:
- Բժիշկներ կրցած են սրտի մկան մը շինել մարդկային մորթէ:
- Ջայլամները կրնան լողալ, բայց չեն կրնար թռչիլ:
- Ֆինլանտայի մէջ գոյութիւն ունին 180,000 կղզիներ. այսինքն կղզի մը` իւրաքանչիւր 30 բնակիչի համար:
- Թայուանի մէջ աղբահաւաք փոխադրակառքերը երաժշտութիւն կը սփռեն մարդոց յիշեցնելու համար աղբը դուրս հանելու պահը:
- Կարգ մը մրջիւնները զիրար կը լզեն հիւանդութիւններէ պաշտպանուելու համար:
Ինչո՞ւ Կարգ Մը Անձեր
Աւելի Արագ Կը Վազեն
Ուրիշներէ աւելի արագ վազելը ձիրք մըն է, լաւ գծել գիտնալու կամ երաժշտութիւն նուագելու նման: Ապա աշխատանքն է, որ պիտի զարգացնէ այս ձիրքը:
Շատ բարձր մակարդակի մարզիկներուն պարագային, իրենց կարողութիւններուն 30 առ հարիւրը կու գայ իրենց ծիներէն, այսինքն` իրենց հասակէն, ծանրութենէն, մկաններէն, մարմնի կառավարումէն, մնացած 70 առ հարիւրը փորձերու կը պարտին:
* * *
100 մեթր վազքի պարագային, մարզիկները յատուկ վազքի մը ձեւը կը գործածեն, ճանկերու թեքնիքը: Այսինքն անոնք ամէն քայլի միայն իրենց ոտքին առջեւի բաժինը գետին կը դնեն: Այս վազքը ընդօրինակուած է կատուներու ընտանիքին պատկանող անասուններէն, ինչպէս` յովազը: Մարզիկներուն կօշիկներուն ծայրերը օժտուած են պզտիկ երկաթի կտորով մը, որպէսզի անոնց ոտքերը հաստատուն մնան գետնին վրայ: Անոնք շիտակ կը վազեն եւ իրենց թեւերը կը գործածեն իրենց հաւասարակշռութիւնը պահելու համար:
* * *
Ըստ վազքի մրցումին (100 մեթր, մարաթոն…), փորձերը տարբեր կ՛ըլլան: Մկանները նոյն ձեւով չեն շարժիր: Կը գործածուին նաեւ վազքի տարբեր թեքնիքներ: Մարաթոն վազողները պիտի աշխատին երկար տոկալ, 2 ժամ, ժամական 20 քմ արագութեամբ: Աւելի կարճ հեռաւորութիւններու պարագային, վազողը պէտք է «պայթեցուցիչ» ըլլայ, այսինքն` շատ արագ ընթանայ:
Ծնունդի Պահուն, Բոլորս
Հաւասար Չափո՞վ Խելացի Ենք
Այո՛, մենք բոլորս նոյն կարողութիւնները ունինք: Ծնունդին, բոլոր ուղեղները ունին 100 միլիառ նէօրոն (բջիջներ, որոնք կարելիութիւնը կու տան տեղեկութիւններ ստանալու, վերլուծելու եւ շինելու): Իսկ բոլոր մանուկներուն այս նէօրոններէն 10 առ հարիւրը իրարու կապուած են: Օրինակի համար, լեզուի (խօսակցութեան) նէօրոնները տակաւին չեն աշխատիր. երեխան տակաւին չի կրնար խօսիլ: Նոյն ձեւով, ան տակաւին չի կրնար կարդալ, գրել, հաշուել… Կամաց-կամաց այդ բոլոր կապերը պիտի հաստատուին:
* * *
Իւրաքանչիւր անձ իր ուղեղը «կը շինէ»: Այս «շինութիւնը» կը յառաջանայ ըստ իր շուրջը գտնուող տարրերուն (ընտանիք, ձայներ, տեսարան…): Չինաստանի մէջ երեխայ մը նոյն կապերը պիտի չզարգացնէ, ինչպէս` Գերմանիա ապրող երեխայ մը: Նոյն ձեւով, ծնունդին, տարբերութիւն չկայ աղջիկներուն եւ մանչերուն միջեւ: Սակայն ըստ իւրաքանչիւրի ճաշակին, անձնաւորութեան… ուղեղը պիտի զարգանայ տարբեր ձեւով:
* * *
Մանուկները քիչ թէ շատ արագ կը սորվին: Անոնք երբեմն դանդաղ կը սորվին, սակայն` շատ լաւ կը սորվին: Մենք անդադար կը զարգացնենք մեր ուղեղը, հետեւաբար` մեր խելացութիւնը, ամէն տարիքի: Ոչինչ վերջնական է:
Ժամանց

Ո՞ր ծաղիկը ունի ամէնէն երկար կոթը:

Կրնա՞ս գտնել նկարին մէջի 16 անբնական մանրամասնութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու ինքնաշարժները:

Իւրաքանչիւր տուփիկ դիր իրեն համապատասխանող տեղը` տախտակին մէջ, յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:

