Էջեր Հալէպահայու Մը Օրագրէն – ԺԵ.
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Գիրքերու եւ պատերազմի մասին:
Մտաւորական երկու բարեկամներ խորհուրդ տուեր էին չանցնող ժամանակը ընթերցումով անցընել. կարծես պէտք ունենայի նման խորհուրդի, ես որ իմ առանձին անցուցած ամբողջ մանկութիւնս գիրքերով եւ անոնց հերոսներով շրջապատուած ապրեր եմ:
Այս երկու չարաբաստիկ տարիներու սկիզբը ձեռքերուս մէջ էր Եասմինէ Խատրայի «Քապուլի ծիծեռնակները» գիրքը: Հաճոյքով սկսեր էի ընթերցումը, որովհետեւ լաւ գրուած վէպ մըն էր, բայց այնքան ցաւով, այնքան վախով աւարտի բերեր էի զայն, որովհետեւ իւրաքանչիւր էջին աչքերուս տեսիլքի պէս կ՛երեւէր իմ սիրելի քաղաքս, որ նոյն վիճակին կրնար մատնուիլ: Յետոյ, շրջան մը ետք հաստատեցի, որ իրապէս տեսիլք ըսուած բան մը կայ եղեր, որովհետեւ օրէ օր քաղաքս կորսնցուց իր դիմագիծը եւ կարծես նոր Քապուլի մը վերածուեցաւ:
Ասիկա մէջս ընթերցումին հանդէպ հակազդեցութիւն արթնցուց կարծես: Արդէն ինչպէ՞ս կրնայի կարդալ, երբ իրիկունները եւ գիշերները ամբողջական մթութեան մէջ կ՛անցնէին: Սակայն այս վիճակը կը թուէր վերջ չունենալ:
Սիրելի եւ հեռու բարեկամ մը, որ հակառակ իր սրտցաւութեան` ոչինչ կրնար ընել մեր առօրեայ տառապանքը մեղմելու համար, ի միջի այլ խօսքերու ըսաւ, թէ Լեւ Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն»-ը կը կարդար: Կարծես նման երկ մը կարդալով` կ՛ուզէր քիչ մը բան իմանալ մեր առօրեայէն. ի վերջոյ բոլոր պատերազմներն ալ իրարու նման են, որովհետեւ բոլորին ալ նպատակը բիրտ ուժին օգտագործումն է, մարդուն` մարդը ջարդելու վայրագութիւնը: Ժամանակին հետ միայն ձեւերն են, որ կը փոխուին (թէեւ այնքան ալ չեն փոխուիր եղեր, ա՛յդ ալ հաստատուեցաւ մեր քաղաքին մէջ):
Շա՜տ վաղուց կարդացեր էի այս վէպը եւ ոչինչ կը յիշէի. լաւ առիթ էր երկու հաստափոր հատորներ` հազար երկու հարիւր յիսուն էջերու ամբողջութիւնը կրկին կարդալու:
– Եկո՛ւր` այս ժապաւէնը դիտէ՛,- յաճախ կ՛ըսէր Գէորգը:
– Չեմ կրնար, շատ բիրտ է,- կ՛ըսէի:
– Կեանքը այսպէ՛ս է, ա՛յս է,- կը համոզէր զիս:
– Ճիշդ ես, բայց ամբողջ օրը այդ բոլորը կ՛ապրինք, պէտք ունի՞նք գիշերն ալ այդ բոլորը կրկին ապրելու դիտելով, մանաւանդ` որպէս հաճոյք:
Հիմա նոյն վիճակին մէջ էի. պէտք ունէի՞ մոմի մը դողդոջ լոյսին տակ, խամրած էջերու վրայ աչքի լոյս վատնելու:
Կ՛երեւի պէտք ունէի, որովհետեւ արդէն գրեթէ իրենց աւարտին մօտեցած են այդ հազար քանի էջերը:
***
Առաւօտուն պատշգամ կ՛ելլեմ եւ ի՞նչ տեսնեմ. դիմացի տուներուն պատշգամները ոչ միայն փողփողուն լուացքներով լեցուն են, այլ եւ մանաւանդ` ցամքոցներով: Այս մարդիկը ուրեմն թէ՛ լուացք ըրեր են եւ թէ՛ ալ լոգցեր: Ինչպէ՞ս: Ուրկէ՞ իրենց այսքան հոսանք եւ այսքան ջուր:
– Երէկ ես ալ լոգցայ,- կ՛ըսէ ընկերուհիս մեղաւոր ժպիտով, կարծես ըսել ուզէ` աւելի լաւ է ես ըսեմ, քան թէ դուրսէն լսես…
– Ամառը ՊԱՂ գարեջուր վայելողներուն կը նախանձէի, հիմա` բոլոր լոգցողներուն եւ լուացք ընողներուն սկսայ նախանձիլ,- կ՛ըսեմ կատակի պէս, բայց ձայնս աւելի լալու պէս կը հնչէ:
Աշխատանքի ճամբուս վրայ կը տեսնեմ առաջին, եւ տակաւին միակ, խանութը, որ մօտեցող Կաղանդի թեմայով արդէն զարդարեր է իր ցուցափեղկը:
Սովորական տարիներու այս շրջանին տօնական եռուզեռը կը սկսէր արդէն քաղաքին մէջ, նախ Սրբուհի Վառվառայի, ապա` Ս. Ծննդեան տօնին առիթներով: Փողոցները կը յորդէին մարդոցմով եւ ապրանքներու առատութեամբ, ցուցափեղկերը կը ժպտէին ուրախ` իրենց նոր, տօնական յարդարանքներուն մէջ: Ամէնէն աղքատն իսկ միջոց ունէր տօներուն պատրաստուելու:
Հիմա ալ եռուզեռ է գլխաւոր փողոցներուն (եւ ոչ պողոտաներուն, որոնք դիւրին թիրախներ են) մէջ. բայց մարդիկ մտահոգ են, ծանր տխրութիւններու տակ կքած: Մեծ է թիւը սեւազգեստ կիներուն:
Սիրտս կը սեղմուի դիտելով ծերունին, որ սնտուկի մը վրայ ծրար մը հաց եւ չորս տոպրակ քահքէ դրած` գնորդի կը սպասէ: Որքա՞ն պիտի ծախէ, որ փոքրիկ շահ մըն ալ ապահոված` տուն երթայ:
***
Երէկ (երեքշաբթի, 26 նոյեմբեր) ՍՕԽ-ի անդամուհիները ուրախութեամբ կը պատրաստուէին Սայաթ Նովայի ծննդեան ամեակը տօնել:
Չտօնեցին:
Ինչպէ՞ս տօնել, երգել եւ ուրախանալ, երբ նոյն օրուան մէջ երկու երիտասարդներ հողին կը յանձնուէին:
Կարելի չէր դիմանալ երիտասարդներուն հարսանեկան բացագանչութիւններուն, երբ դագաղը եկեղեցիէն դուրս կը հանուէր:
Թաղեցիք յուզումով, ափսոսանքով եւ արդէն անկարող բարկութեամբ կը դիտէին: Կիները ափով իրենց դէմքերը կիսով գոցած էին` պահելու համար դողացող շրթունքներն ու ակամայ հոսող արցունքները:
Դիմատետրին վրայ իրիկունը արդէն նկարներ դրուած էին: Դրուած էր նաեւ նահատակներէն մէկուն մօր խօսքը, «ողջերթը» իր զաւկին:
Կարդացի եւ փշաքաղուեցայ: Կարդացի եւ հիացայ այդ մօր քաջութեամբ, հաւատքով, գիտակցութեամբ: Իսկական ՀԱՅ մայր, որ գիտէ նման անկրելի ցաւ կրել եւ հաստատ մնալ իր հաւատքին մէջ: Երբ մեր դրացուհին` Նելլին մահացաւ հեռու Լոս Անճելըսի մէջ, Հալէպի քառասունքի արարողութեան քոյրը Անին խնդրեց, որ խօսիմ Նելլիին մասին, որովհետեւ երկար տարիներ դրկից ըլլալով, հակառակ մեր տարիքներու տարբերութեան, մտերիմներ դարձեր էինք:
Չկրցայ: Ամէն անգամ որ բերանս կը բանայի բառ մը ըսելու համար, արցունքներս կը ժայթքէին, ձայնս կը դողար:
Իսկ այս մայրը, ինչպիսի՜ քաջութեամբ իր խօսքերուն քաղցրագոյնը կ՛ուղղէ իր զաւկին` հաւատալով, որ ան կը լսէ զինք, գոնէ վերջին անգամ մըն ալ:
Յարգա՛նք այս մօր, յարգա՛նք իր քաջութեան:
***
Տարիներ առաջ, երբ կրկին հոսանքի անջատումներ կ՛ըլլային, մարդիկ կը փորձէին հոսանքածին մեքենաներ տեղադրել իրենց խանութներուն եւ տուներուն մէջ, բայց պետութիւնը խստիւ արգիլած էր` բացատրելով, որ օդը ապականող եւ հիւանդութիւններու տանող ազդակներ են այդ գործիքները: Այս խստութիւնը զսպած էր մարդոց ախորժակները:
Այսօր սակայն այդ խստութիւնը եւ արգելքը չկան: Հոսանքածին մեքենաները սունկերու պէս արագ աճած, ծածկած են քաղաքին գրեթէ բոլոր փողոցներուն մայթերը, ահաւոր մուխով-ծուխով, բայց մանաւանդ աղմուկով լեցնելով միջոցը:
Գոնէ խանութներու փակուելուն հետ, կամ գոնէ մէկ-երկու ժամ ետք տուներու մեքենաները մարեն, որ մարդոց գլուխը քիչ մը հանգչի: Բայց որո՞ւ կ՛ըսես: Հիմա ամէն մարդ թէ՛ իր տէրն է, թէ՛ բոլոր անոնց, որոնց վրայ կը կարծէ իշխանութիւն ունենալ:
Ահա նորօրեայ քաոս մը:
***
Հոսանքը կրկին անջատուեցաւ:
Բայց ա՛լ պիտի չխօսիմ այս մասին, որովհետեւ … արդէն զզուելի է:
Երբեմն կը մտածեմ` մեր ծնողները այնպէս գուրգուրանքով մեծցուցին մեզ, ի՜նչ զոհողութիւններով ուսումի կամ արհեստի տուին, այն հաւատքով, որ ուսումով եւ արհեստով, այսինքն` աշխատասիրութեամբ, մարդ կրնայ անպայմանօրէն արժանապատիւ կեանք մը ապահովել:
Այսօր այստեղ մեծ թիւ մը կայ ուսանած, զարգացած կամ իրենք զիրենք կերտած «մասնագէտ» արհեստաւոր հայերու, որոնց արժանապատիւ կեանքը ո՞ւր գնաց կորսուեցաւ արդեօք, որովհետեւ ինչպէ՞ս կարելի է ապրիլ (իսկ մենք ապրիլ ըսելով` կը հասկնանք աշխատիլ, արդիւնաւէտ գործեր կատարել, օգտակար դառնալ ընկերութեան), երբ ամբողջ օրը կը մտահոգուինք ջուրով, հոսանքով, հրասանդի արկերով, լուրերով, եւ մեր ջիղերը մինչեւ ծայր կը լարենք:
***
Դիմատետրին վրայ երեւցած հալէպցիներու նկարներուն մասին շատեր ձայնով թէ գիրով կ՛ըսեն` դուք հո՞ն էք, Հալէ՞պ, «չի երեւում», ակնարկելով հագուածքի թէ շպարի շքեղութեան, որ հաւանաբար պսակի կամ ձեռնարկի առիթներով է, որ կ՛ըլլայ:
Զարմանալի թող չթուի ասիկա. համաշխարհային երկու պատերազմներուն ալ (եւ ասիկա կը վկայեն պատմութիւնն ու պատմավէպերը) կեանքը շարունակուած է ոչ թէ խեղճ վիճակով, այլ` թափով, ապրելու կարծես կրկնապատկուած եռանդով: Այնքան մօտիկ ըլլալով մահուան եւ անոր սպառնալիքին տակ` մարդիկ աւելի խիստ կերպով կը զգան կեանքը, անոր մէն մի վայրկեանին արժէքը եւ զայն լրիւ ապրելու, ցմրուր քամելու կարեւորութիւնը:
Եւ այսպէս, պսակներ, թատրոն, ծիծաղի երեկոյ, ասմունքի ցերեկոյթ, յոբելեաններ, եւ հիմա … Կաղանդի տօնավաճառ` տարբեր միութիւններու կողմէ կազմակերպուած:
Նոյեմբեր, 2013

