Սուրիական Օրագրութիւն 40
ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Այս պատերազմին «առաւելութիւններէն» է մեր ժողովուրդին բացարձակ ազատութիւնը: Առաջ ալ սուրիացիներ շատ նեղը չէին դներ իրենք զիրենք, բայց հիմա ազատութի՜ւն է վարքի, խօսելու, գործելու:
Չեմ խօսիր առեւտրական հրապարակ դարձած փողոցներու մասին, մանաւանդ որ մեր հաշուոյն ալ կու գայ` ստիպուած չես գնումներդ հեռուներէ շալկել. տունիդ մօտակայքին մայթային խանութներ շա՜տ…
Մեծագոյն ազատութիւնը փողոցին մէջ է (խօսքս արգելքներու անելները յաղթահարելու մասին չէ), թէեւ չմնաց անցեալի ազատութիւնը, երբ մեքենաներու երթեւեկ չկար: Հիմա անոնք պենզինի կարգերու մէջ իրենց համբերութիւնը սպառած` կրնան գալ ե՛ւ վերէն, ե՛ւ վարէն, ե՛ւ աջէն, ե՛ւ ձախէն, ու ազատութեան վարժուած հետիոտն հալէպցին ստիպուած է երբեմն ալ մայթերէն քալել:
Հոն է որ տանուլ կու տաս բոլոր ճակատամարտերը: Եթէ հին օրերէն մնացած երթեւեկի օրէնք-կապանքները չես մոռցած` աջդ առած` կը փորձես քալել: Շուտով կը զղջաս, որ հին օրերու զրահները նորոյթ չեն, քանի որ յաղթամարմին կիներ կամ քնքուշ աղջիկներ այնպէս (բարեկամօրէ՜ն) կը զարնեն ուսիդ ու կ՛անցնին, որ կամ ա՜խ կը քաշես, կամ քանի մը անգամ ինքդ քու շուրջ դառնալէ ետք ուղեգիծդ կը կորսնցնես ու հակառակ ուղղութեամբ կ՛երթաս… (լաւ է որ հոս տղամարդիկ, շառէ խուսափելու համար, զգուշ են կիներու դպնալէն, թէ ոչ խնդիրը տեղապտոյտով չէր աւարտեր): Բայց աւելի լաւ չէ՞ մեքենայի ազատութեան զոհ երթալէն, կամ… գիտէ՛ք ինչերէ:
Որոշած եմ` եթէ պատահի օր մը մէկը սխալմամբ ճամբայ զիջի ինծի, մոմ պիտի վառեմ Մարճրճոսի եկեղեցւոյ մէջ: Ինչո՞ւ հոն… Տէ՛, ես ալ հայ եմ, ազդուեր եմ, շատ հայեր հոն կ՛աղօթեն` ըսելով, թէ այդ կողմերէն ձայնը աւելի դիւրին Վեր կը հասնի…
Կու գայ խաբելու ազատութիւնը: Արդէն չէինք տառապիր արդարամտութեան հիւանդութեամբ, իսկ այս օրերուս կը ծաղկի խաբելու ազատութիւնը: Շուկային մէջ կը խաբեն բոլորը անխտիր, իսկ չափերը կախուած են ծախողներու տաղանդէն: Ու երբ բեռով հանդերձ ստիպուած ես անվերջ ճկուիլ ու ցատկռտել` ծեր ու մանուկին, այր ու կնոջ ճամբայ տալու կամ անհամար ցեխափոսերու մէջ չյայտնուելու համար, դէմքիդ մշտապէս խաբուածի յիմարիկ ժպիտով կը քալես, ազա՜տ, անկա՜խ…
Ազատ ենք նաեւ` խօսելու, դատելու, կարծիք տալու, մանաւանդ` որքան նիւթը մութ ծալքեր ունի, այդքան մեր կարծիքները աներեր ու վերջնական են, մանաւանդ որ լսող չկա՜յ…
Սովետի կործանումի օրերուն, զոր Կորպաչով «վերակառուցում» կոչեց, զուարճապատում մը ելաւ հրապարակ` «Առաջ կարճ շղթայով կապուած էինք ու հաջելու իրաւունք չունէինք, այսօր շղթան երկարած են ու … ուզածիդ չափ հաջէ՜»…
***
Աւելորդ ըսուած նոյնիսկ մէկ բառը շատախօսութիւն է:
Ըստ Յ. Թումանեանի
Կիներու թերթի վերջին խիստ հաւաստի լուրը`
– ՀՄԸՄ-ի պարտէզին քովն ինկած վերջին հաունը մերինները նետեր են, կ՛ըսեն…
– Ի՜նչ կ՛ըսես, անկարելի է:
– Ինչո՞ւ, կը սխալի՛ն եղեր, ասիկա առաջին չէ, թէ ոչ` ուրկէ՞ հոս պիտի հասցնէին:
– Չեմ կարծեր. մասնագէտներ կան, հաշիւներ կան…
– Ճանըմ, ի՞նչ կը փնտռես…
Եւ այսպէս, որքան ալ որ վարժ ենք ցնցող լուրերն ու հրթիռներու ձայները առանց աչք թարթելու լսելու, բայց սա կը քանդէ: Յանկարծ բացարձակ անպաշտպանուածութեան սուր զգացում կ՛ունենաս: Գոնէ համոզուած ենք, որ պետութիւնը կը պաշտպանէ զմեզ:
Որո՞նք եւ ի՞նչ նպատակով կը ստեղծեն ու կը տարածեն նման լուրեր`
Ժողովուրդը կառավարութեան դէ՞մ հանել. բայց այդ ձեւը հինցաւ:
Վերջին մնացողներն ալ հեռանալո՞ւ մղել:
Պարզապէս դատարկաբանե՞լ…
Որքա՜ն լաւ կ՛ըլլար, եթէ գլուխին վրայ միայն բերան ունեցողները զայն հաց ուտելու գործածէին, թէ ոչ անոնց «սրտցաւ» հետաքրքրութեան քանդիչ զօրութեամբ վերջերս ես ալ անակնկալ հիւանդանոց փոխադրուած եղայ, իսկ ծանօթ բժիշկ մը` աւելի գէշ… Չարամտութի՞ւն, սեփական փափա՞ք, թէ՞ մեծ բերան, որ ստեղծուած է միայն ուտելու…
***
Կրկին քարայր գացինք ու վերադարձանք: Սակայն իւրաքանչիւր վերադարձ հոն կը թողու մեր ջիղերէն ու հոգիէն բան մը: Խաւար ու պաղ սենեակներու մէջ անջուր ու աշխարհէն կտրուած մարդը ի՞նչ թող ընէ: Ու ահա կը մտածե՜ս. թէեւ նման պարագաներու մեր խոհերը յաճախ մեր թշնամիներն են, քանի որ սարսափը կ՛ահագնացնեն լուն ուղտ շինելով, ու գիշերուան խաւարին մէջ կը թուի` ահա՛, եկա՜ն…
Կը փորձեմ ինքս ուղղել խոհերս, ոչ թէ ուղղուիլ անոնցմէ, ու կրկին չարիքի մէջ բարիք կը փնտռեմ: Երկար կը խորհիմ, բայց օրերով ջուր չըլլալու մէջ ոչ մէկ բարիք կրնամ գտնել ու կ՛անցնիմ ելեկտրականութեան: Քանի որ այս նիւթին անդրադարձած եմ, անկիւնները մոռցուած բաներ կը փնտռեմ ու… կը գտնեմ.
ա.- Մոռցա՜նք հեռատեսիլին գոյութիւնը (իր հսկայական զանգուածին հակառակ) ու երբեմն, եթէ նոյնիսկ հոսանք ալ գայ, բանալու ձգտում չի մնար: Մանաւանդ որ Հայաստանի կայաններէն ցաւ կը հոսի:
բ.- Համակարգիչով կապը կը կտրուի զաւակներուս ու բարեկամներուս հետ: Թո՛ղ ըլլայ. քիչ մը մեզմով մտահոգուիլը չի վնասեր իրենց, մանաւանդ կը կարօտնան:
գ.- Տուրքե՜րը խիստ նուազեցան: Արդէն ջուրը երեք տարի է միայն ժամացոյցի դրամ կու գայ, իսկ երբ հաշուեն ու ճիշդ թիւեր տան, հաւանաբար բոլորս պիտի սնանկանանք: Այդ է պատճառը, որ ջուրը կը կտրեն, զմեզ կը խնայեն:
դ.- Ժողովուրդին աւելորդ ծախսերը պակսեցան, քանի որ պաշար պահելը անկարելի դարձաւ: Թարմը ա՛ռ, կե՛ր:
ե.- Մարդկային յարաբերութիւնները ջերմացան: Մանաւանդ երբ իւրաքանչիւր բնակարանի մէջ առանձին անձ (յաճախ` կին) մը կ՛ապրի, լռելէն պիտի չճաթի, չէ՞. դրացիներով կը հաւաքուին ու կը վերականգնի զրոյցի մեր հին, բարի սովորոյթը, տաքուկ վառարանին քով (որու որ տունը վառարան ու մազութ կայ), տաքուկ սուրճին շուրջ:
զ.- Մեր մանուկները իբրեւ բնական մարդ կը մեծնան… ֆիլմերու մետաղէ հրէշներու փոխարէն բնականները, անոնց «քաջագործութիւնները» կը տեսնեն ու … յաճախ ալ դէպքերու մասնակից են…
է.- Մեր դեռատի պատանի-աղջիկները հոգեբանական-բարոյական վաղահաս շեղումներ չեն ունենար, կայաններէն սփռուող աղբը ծածուկ կամ ազատամիտ ծնողքի քնացած ներկայութեամբ դիտելէն:
ը.- Վերջապէս, մութին մէջ կողմնորոշուելու յատկութիւն ձեռք ձգեցինք` յաճախ մրցելով կատուներուն ալ հետ:
***
Բնութեան մէջ գէշ եղանակ չկայ` կ՛ըսեն: Ճշմարտութիւն, բայց` բնութեան վերաբերեալ, իսկ Հալէ՜պ: Երկինքն ալ կարծես մեզմէ խռով` անձրեւ քիչ կաթեցուց անցնող ամիսներուն: Այս օրերուն կարծես որոշած է շնորհ ընել, բայց նազը աւելին է. մեր գորշ կեանքին վրայ կախուած է նաեւ գորշ ու մթամած երկինք մը` մշուշ ու «խենթը թրջող» շաղ: Ու ցե՛խ, ցե՛խ չմաքրուող փողոցներու մէջ: Այդ բոլորը կը փակին հոգիիդ ու կը ճնշեն, մշուշի պէս մշուշոտ իրականութեան հետ: Կը սպասենք Ժընեւի ժողովը. յոյսեր ունի՞նք: Շատ հակասական են կարծիքները: Ոմանց կարծիքով «այս անոնց վերջն է», ուրիշներ աւելի յոռետես են: Ոմանց ալ կարծիքով, մինչեւ ժողովը ներքին մեծ առեւտուր կ՛ընթանայ աշխարհի «մեծերու» միջեւ. թէ՛ «Սուրիոյ բարեկամները» (Աստուա՛ծ իմ, նման բարեկամներէ դո՛ւն փրկէ զմեզ, թշնամիներէն մենք գլուխ կը հանենք), թէ՛ դաշնակիցները գործի գլուխ են, ու անշուշտ, մէջտեղ ծախու դրուածը մենք ենք: Ո՞վ կը գնէ զմեզ ու ո՞վ կը ծախէ, որո՞ւ ձեռքը կ՛անցնինք, ի՞նչ գին կը վճարենք փրկութեան դիմաց` անորոշ է մշուշի պէս: Մինչ այդ կռիւները կը շարունակուին, առտուները երկինք մը ամբողջ ագռաւ կը սողայ դէպի արեւմուտք ու երեկոյեան` դէպի արեւելք, սեւով ծածկելով մեր վիրաւոր երկինքը:
Գիշակերներ մեր շուրջ ու մեր երկինքին մէջ:
Տոկա՛, Սուրիա՛:
***
Ժընեւ 2-ը եղաւ. ի՞նչ տուած եղաւ մեզի` ետքը պիտի իմանանք. ի՞նչ տուաւ անմիջապէս` գոնէ հոգեկան գոհացում: Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարը, իրեն յատուկ հանգիստ ու ճշմարտութեան դիրքերէն խօսող մարդու ինքնավստահութեամբ, «անկիւն դրաւ» «Սուրիոյ բարեկամները», յաղթողի դիրքերէն ու արժանապատուութեամբ բացայայտեց անոնց բոլոր ստորութիւնները ու ոճրագործ էութիւնը, մերկացուց իրենց փետուրներէն ու «ցեխը մտցուց»:
Մենք` սուրիացիներս ու մանաւանդ բարոյական յաղթանակներու սովորներս (գիտէք, թէ որո՛նք) ցնծացինք, «սիրտ պաղեցուցինք», սակայն ի՞նչ կը կարծէք, ենթակայ անձերը ազդուեցա՞ն, թաշկինակ տարի՞ն աչքերուն, թէ՞ երկինք նայեցան ու ծածկին տակ անձրեւ տեղալ կարծեցին:
Ով-ով, իսկ թուրքը ամօթի՜ մասին խօսեցաւ … սուրիացիները պէտք է ամչնա՜ն եղեր: Ահա թէ ուր առածը կ՛ըսէ` անբարոյ կինը երկու շապիկ կ՛ունենայ ու մէկը անմիջապէս դէմինին կը հագցնէ:
Ու այս է այսօրուան աշխարհին չափանիշը:

