Տողու Փերինչեքի Հարցով` Յունահայութիւնը Նամակ Յանձնեց Զուիցերիոյ Կառավարութեան

SWISSS_7_2_20146 փետրուարին յունաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Լորենցօ Ամպերկ ընդունեց այցելութիւնը  յունահայ գաղութը ներկայացնող քառանդամ պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի եւ մասնակցութեամբ Յունահայոց Ազգային վարչութեան ատենապետ Արա Մանկոյեանի, անդամ տոքթ. Ստեփան Փափազեանի եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ տոքթ. Յակոբ Աւագեանի:

Հանդիպման նպատակն էր Զուիցերիոյ դեսպանին միջոցով այդ երկրի կառավարութեան փոխանցել նամակ-խնդրագիր մը, յունահայութեան անունով` պարզաբանելով հայութեան դիրքը` Լա Հէյի մէջ Մարդկային իրաւանց Եւրոպայի դատարանին որոշումին կապակցութեամբ, որով հատուցեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտող Տողու Փերինչեքի բողոքարկու դիմումը` Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութեան դէմ:

Նամակը ստորագրուած է յունահայ գաղութի ազգային եւ միութենական բոլոր կառոյցներուն կողմէ:

Պատուիրակութիւնը յարգալիր ընդունելութեան արժանացաւ Զուիցերիոյ դեսպանին կողմէ, որ առիթ տուաւ մանրամասնօրէն ներկայացնելու  հայութեան մտահոգութիւնները` կապուած Մարդկային իրաւունքներու Եւրոպայի դատարանի ծանօթ որոշման դէմ: Դիտել տրուեցաւ, թէ դատավճիռը բաւարար  հիմնաւորում չունի, նաեւ կարեւոր է շեշտել` որոշումը միաձայնութեամբ տրուած չըլլալու հանգամանքը: Պատուիրակութեան անդամները դիտել տուին, թէ դատական ատեանը պարտի բաց քննարկումներու առիթ տալ եւ արդար դատավարութիւն կատարել` բոլոր կողմերուն տալով լսելի դառնալու իրաւունքը:

Նշուեցաւ նաեւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ` պէտք չէ թոյլ տալ ժխտողականութեան յաղթարշաւի մը ընդարձակման,  որ նոր ոգեւորութիւն պիտի յառաջացնէ ուրացողներուն մօտ:

Դեսպան Լորենցօ Ամպերկ յայտնեց, թէ ինք քաջատեղեակ է հարցի էութենէն ու խոստացաւ արագօրէն փոխանցել նամակը իր երկրի կառավարութեան:

Դեսպան Ամպերկ իր կարգին նշեց, թէ լաւապէս կը ճանչնայ Հայաստանն ու հայութիւնը, անցեալին պաշտօնավարած ըլլալով որպէս Հայաստանի եւ Վրաստանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան (յիշեց, թէ նստավայրը Թիֆլիս էր, բայց ինք յաճախակի այցելութիւններ կու տար Երեւան): Դեսպանը հետաքրքրուեցաւ Սուրիոյ հայ գաղութի ներկայ իրավիճակով:

Յաջորդաբար տեղեկութիւններ փոխանցուեցան յունահայ գաղութի եւ կառոյցներու գործունէութեան մասին: Դեսպանը յատկապէս յաւելեալ հետաքրքրութիւն դրսեւորեց` իմանալով զուիցերիացի հայասէրներու կողմէ հայկական ծերանոցին հանդէպ ցուցաբերուած հոգատարութեան մասին:

Կէս ժամ տեւած հանդիպումը կայացաւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ: Պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին, որ արագօրէն ընդառաջեց զինք այցելելու յունահայ գաղութի դիմումին եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց Զուիցերիոյ կառավարութեան անմիջապէս փոխանցելու իրեն յանձնուած նամակը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )