ԼՕԽ-ի Առողջապահական Շրջանային Յանձնախումբ . Դասախօսութիւն` Թմրամոլութեան Դէմ

Lokh_07022014aՀովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ու կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Առողջապահական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 7 փետրուար  2014-ի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, շահեկան դասախօսութիւն մը տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի հինգ մասնաճիւղերու` «Աղաւնի Փափազեան» (Զալքա), «Անի» (Նահր Մոթ), «Արցախ» (Ռապիէ), «Գայիանէ» (Պէյթ Գօգօ) եւ «Նայիրի» (Անթիլիաս, Տպպայէ եւ Նաքքաշ) անդամներու: Ներկայ էին նաեւ Շրջանային վարչութեան համապատասխան ներկայացուցիչներ` Ազատ Սարգիսեան, Սօսի Պոյաճեան եւ Մարինա Նորամանեան: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ներկաներու կողմէ ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտնկայս ու միացեալ երգեցողութեամբ, որմէ ետք Շաքէ Բարմաքսըզեան ԼՕԽ-ի Շրջ. Առողջապահական յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով օրուան նիւթը` թմրամոլութիւնը եւ այդ մասին զեկուցող դասախօսը` Լենա Արապողլեանը:

ԼՕԽ-ի 26 մասնաճիւղերու մէջ թմրամոլութեան դէմ արշաւին մասին խօսելով` Շաքէ Բարմաքսըզեան ըսաւ.- «Այս նիւթը ընտրեցինք մեր ընկերութեան մէջ հետզհետէ շեշտուող այս երեւոյթին դէմ միացեալ լուծումներ գտնելու` գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին հետ»:

LOKH_07022014bԱպա ան խօսքը փոխանցեց Լենա Արապողլեանին, որ շուրջ մէկ ժամ զեկուցեց թմրամոլութեան ախտավարակ երեւոյթին մասին` անդրադառնալով անոր պատճառներուն, հետեւանքներուն, նախանշաններուն եւ դարմանումի միջոցառումներուն: Սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուցած իր զեկոյցին մէջ Արապողլեան յայտնեց, թէ թմրամոլութիւնը ընդհանրացող երեւոյթ է Միացեալ Նահանգներէն ետք նաեւ Լիբանանի ու մերձակայ երկիրներուն մէջ: «Առաջին անգամ թմրեցուցիչ գործածողը հաճոյք կը զգայ եւ անոր համար կը կրկնէ եւ անոր գործածութիւնը մինչեւ որ վարժուի անոր ու երբ չգտնէ զայն կը տառապի, ուստի կը դիմէ զանազան միջոցներու զայն անպայման «ձեռք ձգելու» եւ ինքզինք «բնական» զգալու համար», ընդգծեց դասախօսը: Ան թուեց թմրեցուցիչի գործածութեան ու թմրամոլութեան պատճառները, որոնք կը սկսին նախ իբրեւ սոսկ հետաքրքրութիւն, ապա` ժամանց եւ ետքը` հարցերուն լուծում փնտռելու ճիգ: Պատանին կամ երիտասարդը թմրեցուցիչը յաճախակիօրէն գործածելով հետզհետէ անիկա պահանջի կը վերածուի: «Բոլոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ մեր զաւակները կրնան «ո՛չ» ըսել թմրամոլութեան, եթէ ինքնավստահութիւն եւ ինքնահամարում ունենան», ընդգծեց Արապողլեան նշելով, որ նկարագիրի կազմաւորման համար հարկ է լսել ու քաջալերել մեր զաւակը, որպէսզի ան գիտնայ, թէ ինք արժէք ունի իր մօր կամ հօր համար: Հարկ է մեր զաւակներուն հետ ժամանակ անցընել, ոչ չափազանց թոյլատու, ոչ ալ խիստ ըլլալ, ընդունիլ եւ հասկնալ մեր զաւկին զգացումները, անձամբ դրական օրինակ դառնալ` կարելի եղած չափով հեռու մնալով մոլութիւններէ ըսաւ բանախօսը, որ օգտաշատ թելադրանքներ ու տեղեկութիւններ փոխանցեց` թմրամոլութեան ախտանշաններուն եւ հոգեբանական փոփոխութիւններուն մասին: «Թմրամոլին նկարագիրը կը փոխուի, շուտով կը զայրանայ, աչքերուն բիբերը կ՛ընդլայնին կամ կը կծկուին, դիւրագրգիռ  կ՛ըլլայ, ախորժակ չ՛ունենար բան մը ընելու, իր վիճակով մտահոգ ու վախի մէջ կ՛ըլլայ», ըսաւ Լենա Արապողլեան` նշելով, որ կասկածի պարագային հարկ է խօսիլ եւ օժանդակութիւն առաջարկել  անոր, բացատրել, որ մտահոգ ենք իրմով, որովհետեւ կը սիրենք զինք: «Եթէ ձեզ նկատի չառնէ, դիմեցէք իրեն համար հեղինակութիւն եղող անձի մը միջնորդութեան», աւելցուց ան` մէջբերելով թմրամոլի դառն փորձառութիւնը ապրած լիբանանցի երիտասարդի մը վկայութիւնը: Նմանապէս ան կարդաց այս գծով ճիշդ ու սխալ կարծիքներ` անհրաժեշտ ուղղումներ կատարելով: Ապա Լենա Արապողլեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )