«Կօշիկներս Պոլիս Ձգեցի» Ժապաւէնի Ներկայացում
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 7 փետրուար 2014-ին`երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Նշան Փալանճեան» Ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Պէզճեանի «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Սեդա Ունճեան-Խտըշեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց Նիկոլ Պէզճեանի կենսագրականը եւ կատարած գործերը` ուսանողութեան տարիներէն մինչեւ 2014 թուականի վերջին գործերը: Ապա խօսք առաւ Նիկոլ Պէզճեան, որ յայտնեց, թէ մեծ ուրախութեամբ կը ցուցադրէ իր ժապաւէնը` «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի»-ն այն վայրին մէջ` Զոքաք Պլաթ, ուր պատանեկութեան օրերէն սկսած է իր սէրը դէպի ֆիլմաշխարհ: Նիկոլ Պէզճեան ներկայացուց այս ժապաւէնը նկարահանելու մտքի յղացումը, որ սկսաւ երբ կը գտնուէր Պոլիս` Դանիէլ Վարուժանի կեանքը ներկայացնող ժապաւէնը նկարահանելու ընթացքին: Ան դիտել տուաւ, որ ժապաւէնին նպատակը` պոլսեցիներուն յատկապէս եւ թուրք հանրութեան ընդհանրապէս ցոյց տալ է հայկական Պոլսոյ իսկական դիմագիծը:
Նիկոլ Պէզճեանի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ 64 վայրկեան տեւողութեամբ «Կօշիկներս Պոլիս ձգեցի» ժապաւէնը, որմէ ետք ներկաները ժապաւէնի վերաբերեալ հարցումներ ուղղեցին բեմադրիչ Պէզճեանին:

