Սոչի-2014. 22-րդ Ձմեռնային Ողիմպիականի Խաղերու Բացման Հանդիսութիւն` Հայաստանի Մասնակցութեամբ
Երէկ` ուրբաթ, 7 փետրուար 2014-ին, Սոչիի մէջ (Ռուսիա), պաշտօնապէս բացուած յայտարարուեցան 22-րդ ձմեռնային ողիմպիականի խաղերը` բացման պաշտօնական եւ տպաւորիչ հանդիսութեամբ:
Տողանցքին ընթացքին Հայաստանի հաւաքականէն Եռագոյնը բարձրացուցած էր Սերկէյ Միքայէլեանը:
16 օրերու վրայ երկարող այս խաղերուն, շուրջ 2900 աթլեթներ պիտի պայքարին 98 մետալի համար:

Բազմաթիւ երկիրներու նախագահներուն, որոնց կարգին, հիւրընկալ երկրին նախագահը` Վլատիմիր Փութին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցան բացման հանդիսութեան:
Հայկական պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանը, Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը եւ մարմնակրթութեան ու երիտասարդութեան հարցերու նախարար Եուրի Վարդանեանը:
Նշենք, որ այս խաղերուն Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն` Սերկէյ Միքայէլեան, Արթուր Եղոյեան, Քաթիա Գալստեան (երեքն ալ` դահուկավազք) եւ Արման Սերեպրաքեան (Լեռնադահոյկ):
Մասնակցող երկիրներուն աթլեթներուն տողանցքէն ետք, շուրջ մէկ ժամ տեւողութեամբ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական շատ ճոխ յայտագիր մը, որ վկայեց այն մասին, որ կազմակերպչական մեծ եւ կանոնաւոր աշխատանք տարուած էր` խաղերու բացումը ըստ արժանւոյն կատարելու:

