Անչափահաս Աղջիկները Կանուխ Ամուսնութենէ Պաշտպանելու Արշաւ
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը երէկ Հազմիէի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր առաջին նիստը, նախագահութեամբ` խորհուրդի փոխնախագահ տիկին Ռանտա Պըրրիի:
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը անչափահաս աղջիկները կանուխ ամուսնութենէ պաշտպանելու արշաւի մը կը պատրաստուի:
Արշաւը պիտի կատարուի Արաբական աշխարհի կիներու ուսումնասիրութեան հիմնարկին, Լիբանանեան ամերիկեան համալսարանին «Էլ. Էյ. Եու.»-ի եւ քաղաքացիական ընկերութեան հետ գործակցաբար:
Արշաւին մեկնարկը պիտի յայտարարուի Կիներու միջազգային օրուան առիթով, երեքշաբթի, 4 մարտ 2014-ին, «Էլ. Էյ. Եու.»-ի «Օրիոն» սրահին մէջ:
Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը քննարկեց նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ խորհուրդին գործակցութեան ծրագիրը:
CATEGORIES Լիբանանեան

