Ֆայեզ Ղոսըն Ընդունեց Բանակին Հրամանատարն Ու Ամերիկացի Դեսպանը
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ բանակին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Ղոսըն ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Պաշտպանութեան նախարարի այցելուներէն եղաւ նաեւ Պուլկարիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարես Իտը: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան

