Զօր. Քահուաժի. «Բանակը Լայնածիր Հետապնդումներ Կը Կատարէ Ահաբեկչական Բջիջներու Դէմ»

kahwaji_sbanerԲանակի սպայակոյտին հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ շեշտեց, որ վերջին ամիսներուն ընթացքին բանակին կատարած հիմնական պարտականութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն էր, ինչպէս նաեւ ահաբեկչական բջիջներուն դէմ սանձազերծուած հետապնդումները յանցագործներու ձերբակալումն ու զանոնք դատական իշխանութիւններուն յանձնելը:

Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ բանակը ոչ ոքի դէմ կը կռուի անոր գաղափարներուն պատճառով, այլ` քաղաքացիներուն եւ զինուորականներուն դէմ անոր յարձակումներուն պատճառով:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ Լիբանանի վկայած ահաբեկչութիւններն ու անձնասպանական գործողութիւնները մերժուած են բոլոր լիբանանցիներուն կողմէ: «Անոնք մեր միջավայրին մէջ խորթ են, եւ որքան ալ ծանր ու դժուար ըլլայ մեր պարտականութիւնը, մենք որոշած ենք չթուլնալ եւ կազմ ու պատրաստ դիմադրել այս նոր երեւոյթին: Մենք պատրաստ ենք լայնածիր հետապնդումներու ենթարկելու ահաբեկչական բջիջները եւ շրջափակելու կասկածելի իւրաքանչիւր խմբակ», յայտնեց բանակին հրամանատարը:

Ան ընդգծեց, որ ներկայիս շրջանային եւ միջազգային պայմանները մեզի կը պարտադրեն ըլլալ զգուշ եւ պատասխանատու, ինչպէս նաեւ ատակ բանակ, որուն նկատմամբ հսկայ յոյսեր կան:

«Լիբանանի բարեկամ բոլոր երկիրները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն երկրին ապահովական կայունութեան եւ բանակին, ինչպէս նաեւ խորհրդաժողովներ կը կազմակերպեն` Իտալիոյ նման, աջակցութիւններ կը տրամադրեն` Միացեալ Նահանգներու նման, նիւթական օժանդակութիւն` Սէուտական Արաբիոյ նման, եւ այդ օժանդակութիւնը իրականացնելու առումով կը գործակցին Ֆրանսայի նման երկիրներ: Տարբերութիւնը այն է, որ, թէեւ կարգ մը ուժեր բանակին դէմ կը յարձակին, սակայն բանակին կարողութիւնները ամրապնդելու նպատակով արաբական եւ միջազգային զօրակցութիւն կը յայտնուի բանակին, որուն դերակատարութեան հանդէպ հաւատք կայ», նշեց ան:

Զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ Լիբանան իր պատմութեան ամէնէն զգայուն եւ խոցելի հանգրուաններէն մէկը կ՛ապրի: «Մենք տակաւին կառավարութիւն չունինք, կան լուրջ մտավախութիւններ հանրապետութեան նախագահութեան առումով, իսկ ապահովական այս լուրջ մարտահրաւէրներուն դէմ յանդիման բանակը կը մնայ երկրին հիմնական պաշտպանը եւ այդպէս ալ պիտի շարունակէ, ինչ ալ ըլլան գալիք օրերուն Լիբանանի մէջ տիրող իրադարձութիւնները: Բանակին ուժ կը ներարկէ անոր օրինականութիւնը. ան ապահովական կայունութիւնը պարտադրելու իր իրաւունքէն պիտի չհրաժարի, ինչպէս նաեւ պիտի արգիլէ ապահովական անձնական միջոցառումները: Մենք վճռակամ ենք Լիբանանի մէջ սադրանքները արգիլելու եւ ո՛չ Թրիփոլին, ո՛չ ալ այլ շրջաններ լքուած պիտի ձգենք», հաստատեց ան:

Զօր. Քահուաժի ըսաւ, որ ամբողջ աշխարհը կ՛օգնէ բանակին, որպէսզի ան բարելաւէ իր կարողութիւնները: «Սպաներուն առումով շրջանային թէ միջազգային քաղաքական կրթութիւնը չի նշանակեր, որ անոնք լիբանանեան կուսակցութիւններուն հետ քաղաքական կապեր պէտք է ունենան: Այս կամ այն քաղաքական ուժին կողմնակալութիւնը խիստ արգիլուած է, ինչպէս նաեւ բացառուած է քաղաքական որեւէ կողմի` բանակին դէմ յարձակիլը եւ բանակին սպաներուն հետ յարաբերութիւն հաստատելը ապահովելու համար իրենց շահերը: Ձեր հեղինակութիւնը բանակի հրամանատարութիւնն է, պահանջուածը յաւելեալ թափանցիկութիւն է եւ փտածութեան դէմ պայքարի քաղաքականութեան ամրապնդումը», եզրափակեց զօր. Քահուաժի:

 

Share this Article
CATEGORIES