Պըրրի Փլամպլիի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրավիճակն Ու Սուրիացի Գաղթականներուն Թղթածրարը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Ժան Օպէյտը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցեր:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին եւ անոր փոխանորդը` Ռոս Մաունթըն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրավիճակին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանան եկած սուրիացի գաղթականներուն թղթածրարը:
Փլամպլի շեշտեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը եղած է դրական` աւելցնելով, որ իր կատարած այցելութեան հիմնական նպատակը եղած է իրեն յաջորդող պատասխանատուին ծանօթացումը:
Փլամպլի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին վերաբերող հարցեր` նկատի ունենալով, որ ինք կը պատրաստէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ուղղուելիք նոր տեղեկագիրը` անոր գործադրութեան առումով:
Միւս կողմէ, Պըրրի յայտնեց, որ Հըզպալլա անիրաւուած է, որովհետեւ ան իրմէ աւելի կ՛աշխատի` ի խնդիր կառավարութեան կազմութեան:
Պըրրի հաստատեց կառավարութեան սահմանադրական ըլլալու իրականութիւնը, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ յանձնառու կը մնայ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին չմիջամտելու իր որոշումին:

