Նախագահ Սլէյման Կայունութիւն Եւ Բարգաւաճում Մաղթեց Թունուզին, Անոր Նոր Սահմանադրութեան Լոյսին Տակ

nakhakah_tounouzՀանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման մեկնեցաւ Թունուզ, ուր ան քանի մը ժամուան համար մասնակցեցաւ Թունուզի սահմանադրութեան վաւերացման արարողութեան եւ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ:

Թունուզի մայրաքաղաքին մէջ նախագահ Սլէյման եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Սաֆատի եւ նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, ընդունուեցան Թունուզի նախագահ Մոհամետ Մունսեֆ Մարզուքիի կողմէ:

Թունուզի Ազգային հիմնադիր խորհուրդի կեդրոնին մէջ կայացող նոր սահմանադրութիւնը վաւերացնելու արարողութիւնը սկսաւ Մարզուքիի արտասանած խօսքով:

Թունուզի Ազգային հիմնադիր խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա պըն Ժաաֆարի եւ  Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի խօսքերէն ետք, նախագահ Սլէյման արտասանեց իր խօսքը, որուն մէջ ան ողջունեց Թունուզը, անոր իրականացուցած փոխանցման շրջանին համար` աւելցնելով, որ անիկա կարելի եղած է մշակելով այնպիսի սահմանադրութիւն մը, որ կրցած է հունաւորել երկրին քաղաքական կեանքը:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց երկրին ազատութիւններուն եւ իրաւունքներուն պահպանումին եւ երաշխաւորման համար պետութեան ցուցաբերած հովանաւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ սահմանադրութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէ պետութեան կողմէ ընդհանրապէս ազատութիւններուն, յատկապէս կրօնքի ու կրօնական ծիսակատարութիւնները կատարելու ազատութեան հսկելու առումով:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ նոր սահմանադրութեան շնորհիւ Թունուզի պետութիւնը պիտի կարենայ պահել երկրին սրբութիւնները, երաշխաւորել, որ մզկիթներն ու աղօթատեղիները հեռու մնան քաղաքական նպատակներէ, տէր կանգնիլ կիներու իրաւունքներուն եւ զօրակցիլ անոնց շահերուն, վարչական ապակեդրոնացումի դրութեամբ գործել, ինչպէս նաեւ Սահմանադրական դատարան հիմնել:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան փորձառութենէն մեկնելով` հարկ է զգուշ ըլլալ պահպանելու Սահմանադրական դատարանը աւելորդ ճնշումներէ, քաղաքականացումէ, կաշկանդումէ եւ անոր ժողովները խանգարելէ:

«Նոր մշակուած սահմանադրութիւնները պէտք է պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն բեռը թեթեւցնեն եւ զանոնք առաջնորդեն դէպի քաղաքական լաւագոյն ընտրանքներ, նաեւ բանեցնեն մարդկային յաւելեալ բնոյթ ունեցող ժողովրդավարութիւններ, որոնք պետական մարզին մէջ կը ներառեն երկիրը բաղկացնող բոլոր մասնիկները», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման Թունուզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Հոլլանտ վերահաստատեց Լիբանանին օժանդակելու Ֆրանսայի յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ խոստացաւ աշխատիլ լիբանանեան բանակը զինելու ուղղութեամբ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները եւ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած նիւթական օժանդակութեան համապատասխան բանակին ֆրանսական զէնք ու զինամթերք յատկացնելու մանրամասնութիւնները:

Թունուզի մէջ նախագահ Սլէյման հանդիպում ունեցաւ նաեւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններ:

Հանդիպումին ընթացքին Լարիժանի շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` յատկապէս Միջին Արեւելքի դիմագրաւած զգայուն պայմաններուն լոյսին տակ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES