«Այս Հանգրուանին Արժէք Չունի Հերթագայութեան Սկզբունքին Հիման Վրայ Կառավարութիւն Մը Կազմելը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն` հաստատելով, որ ներկայիս խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին նոր դահլիճը կազմելու ուղղութեամբ: Ան շեշտեց, որ ի վերջոյ նպատակը կառավարութիւն կազմելն է, եւ ոչ թէ հարցերուն ու տարակարծութիւններուն վրայ կեդրոնանալը:
«Մենք կը փափաքինք կազմել կառավարութիւն մը, որ իշխէ երկրին եւ նախագահական ընտրութիւններ կազմակերպէ, ոչ թէ դառնայ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութիւն մը», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Կատարուած իրողութեան կառավարութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ այդ կառավարութենէն հրաժարիլը միջոցներէն մէկն է, «սակայն տակաւին յստակ որոշում մը չէ տրուած այդ կառավարութենէն հրաժարելու: Մենք մաղթեցինք, հաւանաբար նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ նոյնիսկ հանրապետութեան նախագահը խորհուրդ տուած են կառավարութեան նոր կազմ մը յայտարարելու իմաստով չաճապարելու», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի: Ան ընդգծեց, որ եթէ հանրապետութեան նախագահին ներկայացուի սահմանադրական չափանիշները ամբողջացնող կառավարական կազմ մը, ապա ան կրնայ ստորագրել զայն` սահմանադրական իրաւասութիւնները յարգելով:
Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ սահմանադրական կառավարութեան մասին խօսքերը կը նշանակեն խորհրդարանին մէջ քաղաքական պլոքներուն ներկայացուցչութեան համեմատութիւններուն համապատասխանող մասնակցութիւն ապահովել անոնց` նոր կազմուելիք դահլիճին մէջ:
Ան նշեց, որ «ընդվզեցնող» նախարարները մերժելու պահանջները ուղղուած էին` յստակ քաղաքական ուժի մը դէմ հարց տալով, որ արդեօք ի՞նչ է «ընդվզեցնող» նախարարի մը չափանիշը: «Այս պահանջներուն եւ երկրին դիմագրաւած այս զգայուն պայմաններուն վրայ եկաւ աւելնալու հերթագայութեան հարցը», ըսաւ ան` հերքելով շրջանառութեան մէջ դրուած այն տեղեկութիւնները, թէ Պըրրիի կողմէ առաջարկուած է նախարարութիւններուն հերթագայութիւնը:
Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ երբ Պըրրի եւ Ժոմպլաթ կը մերժեն խորհրդակցութիւնները շարունակել եւ մեկնաբանութիւններ կատարել, այդ կը նշանակէ, որ անոնք վտանգ մը կը շօշափեն եւ անոր հիման վրայ կը զգուշացնեն:
Հերթագայութեան կարեւորութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, այս հանգրուանին հերթագայութիւնը արժէք չունի, սակայն իբրեւ ընդհանուր սկզբունք անհրաժեշտ է եւ պէտք է կիրարկուի այլապէս:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ քարիւղը կը գերադասէ ուժանիւթի նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլը եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, որ գիտէ, թէ ուժանիւթի նախարարութենէն զիջելու պարագային Լիբանան պիտի կորսնցնէ քարիւղի հանքերը պեղելու իր առիթը:
«Շրջանին մէջ ոչ մէկ երկիր հանգիստ կը զգայ Լիբանանի մէջ քարիւղի հանքերուն գոյութենէն, որովհետեւ այս կը նշանակէ, թէ Լիբանան տասնամեակ մը ետք պիտի դառնայ նիւթական պարտաւորութիւններէ զերծ պետութիւն մը, ինչ որ իր կարգին կը նշանակէ, թէ Լիբանան պիտի ունենայ սեփական կամք եւ անկախութիւն, այսինքն` պիտի վերածուի շրջանին մէջ իր կշիռը ունեցող պետութեան: Հետեւաբար, Իսրայէլ եւ շրջանին մէջ այլ երկիրներ պիտի չփափաքին հզօր այլ երկիր մը ունենալ», ըսաւ ան:
Նոր կառավարութեան կազմին յայտարարութենէն ետք ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին որդեգրելիք որոշումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ այդ մասին որոշումը պիտի տրուի համախմբումը բաղկացնող քաղաքական ուժերուն, այսինքն` Ազգային ազատ հոսանքին, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Մարատա հոսանքին կողմէ, ապա այդ որոշումին պիտի միանան համախմբումին դաշնակիցները:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ նախագահական ընտրութիւնը նոր կառավարութեան հետ ամուր կապ մը ունի, «եւ իբրեւ այդպիսին պէտք է կառավարութիւնը ըլլայ կարողութիւններու կառավարութիւն մը եւ ոչ թէ «կատարուած իրողութեան», մարմին, որովհետեւ նման մարմին մը պիտի վերածուի ընթացիկ աշխատանքներ կատարողի, այսինքն պիտի ստեղծուին հարցեր եւ նախագահական ընտրութիւնը պիտի վտանգուի»:
Ան շեշտեց, որ նման պարագայի պատասխանատու կ՛ըլլայ ան, որ նախապայմաններ դրած է: «Երբ չէզոք կառավարութիւն մը կազմելու եւ Հըզպալլայի մասնակցութիւնը մերժելու պահանջներէն զիջում կ՛արձանագրուի, կարելի՞ է հերթագայութեան նախապայմանին համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտել», հարց տուաւ ան:
Հանրապետութեան նոր նախագահին յատկանիշներուն անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին կարծիքով ան պէտք է ճշգրիտ ներկայացուցչութեան հիման վրայ ըլլայ, «նկատի ունենալով, որ երկրին խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կը ներկայացնեն», ըսաւ ան:

