Թուրքիոյ Հայ Համայնքին Վերադարձուած Է Տարիներ Առաջ Բռնագրաւուած Ամէնէն Մեծ Կալուածը
«Ակօս» շաբաթաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ հայ համայնքին վերադարձուած է տարիներ առաջ բռնագրաւուած ամէնէն մեծ կալուածը` Ս. Փրկիչ հիւանդանոցին յարակից հողատարածքը` 42.259 քառակուսի մեթր:
Հիւանդանոցի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Պետրոս Շիրինօղլու յայտարարած է, որ շատ ուրախ են այդ ձեռքբերման համար:
«Տարիներ տեւած մեր պայքարն ու երազները վերջապէս իրականութիւն դարձան: Թուրքիոյ հայ համայնքը իր կարեւորագոյն սեփականութիւններէն մէկուն վերատիրացաւ: Այդ ձեռքբերումը մեր հիմնադրամի եւ հանրութեան համար շատ կարեւոր էր: Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք այս իմաստով մեզի օգնած են», ըսած է ան:
Հողաշերտը բռնագրաւուած էր 1974-ին: Առտու մը պուլտոզըրները մտած էին տարածք` պատճառաբանելով, որ, ըստ փաստաթուղթերու, այդ տարածքը տէր չունի:
CATEGORIES Հայկական