Վահան Յովհաննիսեան Հանդիպում Ունեցաւ Վերներ Հարթմանի Հետ
Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Վահան Յովհաննիսեան Գերմանիոյ գիւղատնտեսական մեծագոյն արտադրողներէն մէկուն` Վերներ Հարթմանի հետ 5 փետրուարին այցելեց Պերլինի մէջ բացուած «Ֆրութ Լոճիսթիքս» միջազգային ցուցահանդէսը, ուր Վ. Հարթմանի ընկերութիւնը ներկայացուած է իր ծաւալուն տաղաւարով:
Վերներ Հարթման վերջերս այցելած էր Լեռնային Ղարաբաղ եւ քննարկած էր այնտեղ լուրջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու նիւթը: Հարթման եւ Յովհաննիսեան քննարկեցին Արցախի մէջ ներդրումային ծրագիրներու կարելիութիւնները:

